Յունիս 22-ին Երեւանի «Մեդիա Կեդրոն»-ին մէջ, հարցազրոյցի մը ընթացքին, Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեան յայտարարեց, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իշխանութեան փոփոխութենէն ետք Միացեալ Նահանգներ բնակութիւն հաստատած հայեր սկսած են տուն վերադառնալու մասին մտածել։
Սինանեան վերադառնալու փափաք ունեցողները բաժնեց երկու խումբի՝ մարդիկ, որոնք հոգեբանօրէն շատ կապուած մնացած են հայրենիքին, բայց զանազան պատճառներով գաղթած են Ամերիկա, եւ մարդիկ, որոնք անապահով են, օրինակ՝ Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ ապրող հայերը, ուր կեանքը շատ սուղցած է:
«Ամերիկայի հայերը ամէն օր կը հետեւին նորութիւններուն, հասկնալու համար, թէ ինչ կը կատարուի հայրենիքի մէջ, ինչպէս նաեւ ակնկալելով նոր բացայայտումներ»,- ըսաւ Սինանեան:
Ըստ անոր՝ կան մարդիկ, որոնք արդէն վերադարձած են հայրենիք եւ որոշած են հաստատուիլ այստեղ:
«Գործարար միջավայրը եւս հետաքրքրուած է Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու պահանջարկով»,- ըսաւ Սինանեան: