Հարաւային Սուտանի մէջ Նոյեմբեր 4-ին կործանած ԱՆ-12 օդանաւի անձնակազմին զոհուած անդամներէն հինգը ՀՀ քաղաքացիներ են: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ֆէյսպուքեան էջը: «Եգիպտոսում ՀՀ դեսպանութեան նախնական տուեալներով` վթարուած բեռնատար ինքնաթիռի անձնակազմի զոհուած անդամներից հինգը ՀՀ քաղաքացիներ են: Զոհերի ինքնութեան վերաբերեալ տեղեկտուութունը կը տրամադրուի յաւելեալ»,- նշած է հաղորդագրութեան մէջ:
Յայտնի դարձած է նաեւ, որ օդանաւը կը շահագործուէր տաջիկական Asia Airways ընկերութեան կողմէ:
Ինչպէս «Արմէնփրես»-ը կը տեղեկացնէ, վկայակոչելով ՀՀ ԿԱ քաղաքացիական աւիացիայի գլխաւոր վարչութեան(ՔԱԳՎ) մամուլի ծառայութիւնը, անձնակազմի զոհուած անդամները ՀՀ ՔԱԳՎ կողմէ օդաչուական անձնակազմի արտօնագրուած մասնագէտներ չեն: Ռուսական շարք մը լրատուամիջոցներ տեղեկատուութիւն տարածած էին, որ Հարաւային Սուտանի մէջ կործանած ռուսական բեռնատար օդանաւը արձանագրուած եղած է Հայաստանի մէջ եւ պատկանած է հայկական կազմակերպութեան:
Նոյեմբեր 4-ին Reuters գործակալութիւնը յայտնած էր, որ օդանաւը ինկած Է օդակայանէն 800 մեթր հեռաւորութեան վրայ: Ուկանտայի մէջ Ռուսաստանի դեսպանութիւնը, որ կը զբաղի է Հարաւային Սուտանի գործերով, հաւաստած Է ԱՆ-12-ի կործանման փաստը, աւելցնելով, որ կը զբաղին պատահարի հանգամանքները պարզելով: Ականատեսներու վկայութեամբ 40-էն աւելի մարմիններ կան փոխադրական օդանաւի կործմանման վայրին մէջ:
Իշխանութիւններու ներկայացուցիչներու խօսքով` օդանաւին մէջ եղած է շուրջ քսան մարդ, որոնց մէջ` 10-էն մինչեւ 15 ուղեւորներ եւ ռուսական անձնակազմի հինգ անդամներ: Թէ քանի մարդ զոհուած է բեռնատար օդանաւին կործմանման հետեւանքով, չի հաղորդուիր: Նախնական տուալներով` ողջ է մնացած է երկու մարդ` անձնակազմի անդամներէն մէկը եւ երեխայ մը: