Ֆրանսիայի մէջ Յունիս 18-ին տեղի ունեցած է երկրի խորհրդարանի` Ազգային ժողովի ընտրութիւններու երկրորդ փուլը, որուն իբրեւ արդիւնք 3 հայ ընտրուած է պատգամաւոր:
Փարիզի արուարձան Սեն Գլուի մէջ յաղթանակ տարած է Ժաք Մարիլոսեանը, որ կը ներկայացնէ երկրի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի «Յառաջ Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը:
Մարիլոսեանը ստացած է 50,42 տոկոս ձայն, մինչդեռ Հանրապետականներու թեկնածու Էրիք Պերտոադին ստացած է 49,58 տոկոս ձայն:
Էր եւ Լուար բաժանմունքի (Ֆրանսայի կեդրոնական մասի հիւսիսը) առաջին բաժինին մէջ յաղթանակ տարած է երկրի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի «Յառաջ Հանրապետութիւն» (La Rռpublique en marche) կուսակցութեան ներկայացուցիչ Կիյոմ Գասպարեան: Ան ստացած է ձայներու 55 տոկոսը: Հանրապետական Ֆրանք Մասելուսը հաւաքած է ձայներու 44 տոկոսը:
Բացի այդ, Ֆրանսայի խորհրդարանական երկրորդ փուլին յաղթանակ տարած է նաեւ հայ Դանիէլ Կազարեանը:
Յիշեցնենք, որ Հինգերորդ Հանրապետութեան քաղաքացիները կ՝ընտրէին առաջիկայ հինգ տարուան պատգամաւորները: