Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը դատ բացաւ թուրքիոյ սահմանադրական դատարանին մօտ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի դիւանը կը հաղորդէ, թէ Երեքշաբթի Ապրիլ 28ին, կաթողիկոսութիւնը դատ բացած է Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ՝ պահանջելով Սիսի իր պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձը:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով ու մեր ազգային պահանջատիրութեան աւելի գործնական արտայայտութիւն տալու հեռանկարով, Արամ Ա. կաթողիկոս իր պատգամներուն մէջ յաճախակի կերպով յիշեցուց հատուցման վրայ շեշտը դնելու հրամայականը: Այս շրջագիծէն ներս Սիսի կաթողիկոսարանի եւ ապա ազգապատկան ու եկեղեցապատկան կալուածներու վերադարձը կրնայ կարեւոր քայլ մը դառնալ՝ մեր ժողովուրդի կալուածներուն եւ բռնաբարուած իրաւունքներու վերականգնումին առաջնորդող: Անցնող երկու տարիներուն ընթացքին, յիշեալ դատի պատրաստութեան աշխատանքին լծուած էր թրքական ու միջազգային դատավարական օրէնքներու մասնագէտներէ բաղկացած յանձնախումբ մը՝ վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ: Ապրիլ 29ին Ուաշինկթընի մէջ եւ յառաջիկային Ժընեւի մէջ մամլոյ ասուլիսներ պիտի կազմակերպուին մեր պահանջքը օտար շրջանակներուն ու միջազգային համայնքին ծանօթացնելու համար: