Աբովեան, Բուզանդի, Կողբացի եւ Արամի փողոցները հանրային շահ պիտի ճանչցուին. «Հին Երեւան»-ը պիտի իրականացուի

Երեւանի Աբովեան, Փաւստոս Բուզանդի, Եզնիկ Կողբացի եւ Արամի փողոցներուն մէջ պարփակուած տարածքը պիտի ճանչցուի հանրային գերակայ շահ. այստեղ հնարաւոր պիտի ըլլայ վերականգնել «Հին Երեւան» պատմաճարտարապետական միջավայրը: Համապատասխան որոշման նախագիծը, ըստ PanArmenian.netի, ընդգրկուած է գործադիրի Դեկտեմբեր 27-ի նիստի օրակարգին։

Կը նշուի, որ տարածքը ներկայիս կառուցապատուած է հին եւ խարխուլ, տարերայնօրէն տեղակայուած բնակելի տուներով եւ շինութիւններով, որոնք չեն համապատասխաներ հակահրդեհային, քաղաքաշինական չափանիշներուն եւ կրնան արտակարգ իրավիճակներու պատճառ դառնալ: Տարածքի անմիջական հարեւանութեամբ գտնուող տարածքներուն համար նախագծուած եւ մասնակիօրէն իրականացուած են համաքաղաքային ենթակառուցուածքներու անբաժանելի մասը կազմող հանգոյցներ, մասնակիօրէն կառուցապատուած է գլխաւոր պողոտան:

Նախագիծը հնարաւորութիւն կը ստեղծէ քանդուած պատմութեան եւ մշակոյթի յուշարձաններու տեղափոխման եղանակով տարածքին մէջ վերստեղծել քաղաքաշինական գեղագիտական միջավայր: Թաղամասը վերակառուցելու նպատակը՝ պատմական կառուցապատուած տարածքներու կիրառական-գեղագիտական բարելաւումն է, կանոնաւոր կառուցապատումով արգելանոցային գօտիի սահմանումը եւ ներգրաւումը քաղաքի կենսագործունէութեան մէջ:

Պատմական կառոյցներու հիմնական ֆոնտին մէջ, 19-րդ դարու եւ 20-րդ դարասկիզբի շինութիւններն են:

ՀՀ կառավարութեան 2017 թուականի որոշումով նշուած տարածքի ձեռքբերող կը հանդիսանայ «Ի ԷՄ ՍԻ» ՓԲ ընկերութիւնը: