Ախալքալաքի Մերենիայի վանքը՝ մշակութային ժառանգութեան յուշարձան

Վրաստանի մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան ազգային գործակալութիւնը կը շարունակէ Ախալքալաքի վանքերու մշակութային ժառանգութեան յուշարձանի կարգավիճակ շնորհելու գործընթացը: Այս անգամ, ըստ Jnews.ge-ի, կարգավիճակ ստացաւ Մերենիայի վանքը, կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։

Ըստ Վրաստանի մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան ազգային գործակալութեան, եկեղեցին ոչ թէ Մերենիա՝ այլ Պուղաշէն գիւղի տարածքին վրայ է, սակայն այնտեղ բոլորը կը համարեն, որ վանքը Մերենիա գիւղինն է։

Ըստ Գործակալութեան՝ եկեղեցւոյ անունը «Խիդիջվառի» է, որ թարգմանաբար կը նշանակէ խիդի՝ կամուրջ, ջվառի՝ խաչ։ Իսկ տեղացիները զայն կ՝անուանեն «Կոռած վանք» (ջարդուած)։ Անիկա X-րդ դարու կառոյց է։

Կարգավիճակը շնորհուած է Վրաստանի մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան ազգային գործակալութեան տնօրէն Նիկոլոզ Անթիձէի համապատասխան հրամանագիրով 2018 Մայիս 8-ին։

Կարմիր քարով կառուցուած վանքը վնասուած է։ Մուտքը արեւմուտքէն է։ Դուռը կամարաձեւ, հարաւային պատին մեծ եւ երկար պատուհան կայ, արեւելեան պատին մօտ բազալտէ քարով խաչ ամրացուած է հիմքին։ Վանքին շուրջը հին գերեզմանոց է, ուր պահպանուած են ձիու եւ խոյի գերեզմանաքարեր։