Եգիպտոս Ռամատան–ի տօնական օրեր կը վայելէ:
Աղեքսանդրիոյ «Տիգրան Երկաթ» մշակութային կեդրոնն ալ տօնական ու ցնծութեան յիշատակելի օր մը ապրեցաւ 27 Մարտի երեկոյեան:
Արդարեւ, Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակութային Միութեան՝ Եգիպտոսի շրջապտոյտէն օգտուելով Աղեքսանդրիոյ Տիգրան Երկաթի վարչութիւնը կազմակերպած էր պատմական հանդիպում – երեկոյթ մը:
Երկրորդ յարկի վրայ գտնուող շքեղազարդ դահլիճը մեզի կ’ընդունէր: Անակնկալի առջեւ կը գտնուէինք երբ ականատես կ’ըլլայինք հոծ բազմութեան մը ներկայութեան: Զարմանքի արժանի երեւոյթ մը՝ նօսրացած Աղեքսանդրահայ գաղութի մը հոծ բազմութեան ներկայութիւնը:
Երեկոյեան մանրակրկիտօրէն նախատեսուած ծրագիրը պատրաստուած էր երկու շարժառիթներու համար՝ Տիգրան Երկաթ-ի հիմնադրութեան 120-ամեակի եւ տիկ. Աստղիկ Ալեքսանեանի ատենապետութեան 20-ամեակի:
Բազմաթիւ ծաղկեպսակներով զարդարուած բեմին խորքը գտնուող գեղաքանդակ մը (գործ՝ նախկին Տիգրան Երկաթ-ի ուսանողաց անդամ ընկ. Պարգեւ Նազարէթեանի) կ’ամբողջացնէր բեմին գեղեցկութիւնը:
Ներկայ էին՝ եգիպտահայ Առաջնորդ Տէր Աշոտ Եպս. Մնացականեանը, Աւստրիոյ հիւպատոսը, առաջնորդարանի անձնակազմը, միութենական ներկայացուցիչները եւ նոյնիսկ Գահիրէի յատկապէս Օթոպիւսներու միջոցաւ ձեռնարկին միացող ազգայինները:
Ճոխ հիւրասիրութենէ ետք սկսաւ ձեռնարկին պաշտօնական մասը:
Բացման խօսքէն ետք յաջորդաբար բեմ հրաւիրուեցան ազգային դէմքեր, որոնք դրուատեցին 120 տարիներու կատարուած աշխատանքը. մանաւանդ իրենց գնահատանքի խօսքը ուղղեցին օրուայ պատուոյ հիւրին՝ տիկ. Ալեքսանեանին իր 20 տարիներու միութեան ատենապետութեան դժուարին պատասխանատուութեան համար, յատկապէս օրէ օր նօսրացող գաղութի մը: Այդ կը պահանջէ տոկուն կամք համբերութիւն եւ տեսլական:
Տիկ. Ալեքսանեան շառաւիղն է Տիգրան Երկաթ-ի հիմնադիր, ու գաղութին մէջ բարձր վարկ ունեցող՝ Ալեքսանեան, Փափազեան եւ Զարպհանէլեան ընտանիքներուն:
Տիկ. Ալեքսանեան եղած է նաեւ Ալեքսանդրիայի մէջ Աւստրիայի պատուոյ հիւպատոս 20 տարիներուն ընթացքին. որուն համար 2004-ին Աւստրիոյ կողմէ ան արժանացած է ոսկեայ մետալի:
Խօսք առնողներու շարքին, հրաւիրուեցաւ նաեւ Մոնթրէալի խումբին ղեկավար, ինչպէս նաեւ ԹՄՄ-ի, ԱՄՆ-ի ու Գանատայի Կեդրոնական Վարչական՝ ընկ. Արթօ Մանուկեան:
Ան իր խօսքերուն մէջ յիշեց 120-տարեկան միութիւնը, որը քոյր միութիւնն է ԹՄՄ-ի: Անոնք մշակութային պատուհաններն են ՌԱԿ-եան գաղափարախօսութեան: Յիշեց նաեւ 1964-ին (60 տարիներ առաջ) գնուած հողաշերտը, որը 1971-ին օժտուեցաւ երկյարկանի այս գեղեցիկ կառոյցով, ընկ. Պետրոս Փիանտարեանի ատենապետութեան շրջանին:
Հիմնադիրներ, նախկին ատենապետներ ու գաղափարական ընկերներ հպարտ պիտի ըլլային, երբ տեսնէին իրենց հիմնած միութեան երդիքին տակ կազմակերպուած սոյն ձեռնարկը:
Ընկ. Արթօն փոխանցեց նաեւ գնահատական խօսքերը ընկ. Արշաւիր Կէօնճեանի (նախկին ուսանողացի ատենապետ) եւ այժմուս ատենապետ ԹՄՄ-ի ԱՄՆ եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան:
Ընկ. Մանուկեան ԹՄՄ-ի անունով յանձնեց 2 գնահատագրեր, մին Տիգրան Երկաթ-ի 120-ին համար, իսկ միւսը տիկ. Ալեքսանեանին 20 տարիներու ատենապետութեան համար:
Աւարտին հատուեցաւ հսկայ կարկանդակ մը, որ կ’ընդգրկէր 120-ի եւ 20-ի լոկոներու նշումներ: Երեկոյթը կ’աւարտէր յատկապէս Գահիրէէն հրաւիրուած DJ-ի խանդավառ երաժշտութեամբ: Մեծ գոհունակութեամբ ու յոգնած կը մեկնէինք պանդոկ:
Խորունկ մտորումներով, մեր աչքերուն առջեւէն կ’անցնէին Տամատեաններ, Թէքէեաններ ու գաղութը հիմնող ղեկավարները… ու կը մտածէինք, թէ արդեօք, կրկին նմանօրինակ ձեռնարկներու առիթ պիտի ունենա՞յ Աղեքսանդրիոյ նօսրացող գաղութը:
Սրբազան Մնացականեանի խօսքերը դեռ կը հնչէին մեր ականջներուն՝ «Գաղութի կառոյցներու իրարու թիկունք կանգնելով ու համագործակցութեամբ պէտք է շարունակենք ու յարատեւենք»: