«Արմենփրես»-ը կը ներկայացնէ Արցախ այցելած հունգարացի պլոքըրներ Ժոլթ Քերնըրի (Kerner Zsolt) եւ Տաւիտ Տերշենիի (Dávid Dercsényi) կողմէ հունգարական առաջատար ելեկտրոնային կայքերու մէջ այցի վերաբերեալ հրապարակուած յօդուածներու համառօտ նկարագիրը:
Արցախ այցելած Հունգարացի լրագրող Ժոլթ Քերնըրը յօդուածներու շարք մը հրապարակած է Հունգարիոյ մէջ մեծ լսարան ունեցող «24.hu» կայքին մէջ:
«Այստեղէն կը սկսին Քրիստոնեայ աշխարհն ու Խորհրդային Միութեան աւարտը» վերնագիրով յօդուածին մէջ Քերնըր համառօտ կ’անդրադառնայ Արցախի դարաւոր անցեալին: Արցախը, հեղինակին խօսքով, «Եւրոպական քրիստոնէական քաղաքակրթութեան դարպասն է, իսկ Հայաստանը առաջին քրիստոնեայ երկիրը, մարդկութեան բնօրրանը եւ նաեւ ջրհեղեղէն ետք նոր կեանքի սկզբնավայրը»:
Հեղինակը կը ներկայացնէ Արցախեան հակամարտութեան արդի փուլի պատմութիւնը, նշելով, որ Արցախն ու Նախիջեւանը Ատրպէյճանին յանձնուած են Ստալինի կողմէ: Հանգամանօրէն կը ներկայացուի 1988-ին սկսած Արցախեան շարժումը, որ կ’որակուի որպէս Խորհրդային Միութեան փլուզման սկիզբ:
Արցախեան այցին նուիրուած իր շարքի երկրորդ յօդուածին մէջ հունգարացի լրագրող Քերնըր գեղարուեստական շարադրանքով կ’անդրադառնայ Հայաստանէն Արցախ տանող ճանապարհը, նկարագրելով հայկական բնութիւնը: Քերնըր ցորենի տեղ-տեղ այրուած դաշտերը կը նմանցնէ շախմատի խաղաղտախտակի` նշելով շախմատի մէջ հայերու ունեցած մեծ ժառանգութեան մասին: Ան կ’անդրադառնայ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան, ատոր հետեւանքով աշխարհով մէկ սփռուած հզօր հայկական սփիւռքին, որ նաեւ կը փորձէ նպաստել Արցախի միջազգային ճանաչման:
Կերնըր կը ներկայացնէ Ստեփանակերտէն ստացած տպաւորութիւնները, ճարտարապետութիւնը, անոր բնակիչներու իւրայատուկ մշակոյթը: Կը ներկայացնէ նաեւ պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանի հետ ունեցած հանդիպումը, որու ժամանակ պետական նախարարը խօսած է Արցախի տնտեսութեան, զարգացման հեռանկարներու մասին: Քերնըրի խօսքով` թէեւ Արցախը Հայաստանի հետ կապուած է անհաշուելի թելերով, սակայն կան նաեւ տարբերութիւններ: Օրինակ` կառավարման ձեւը նախագահական է, եւ երկիրը հակառակ որոշ բացթողումներու` նախագահական ժողովրդավարութիւն է:
Իր շարքի վերջին յօդուածին մէջ Քերնըր կ’անդրադառնայ հայ-հունգարական յարաբերութիւններուն: Հեղինակը կ’ընդգծէ հայ համայնքի մեծ ժառանգութիւնը Հունգարիոյ պատմութեան մէջ` յատկապէս տնտեսական բնագաւառին մէջ: Քերնըր հանգամանօրէն կ’անդրադառնայ հայ սպային կացինահարած Սաֆարովի արտայանձնման հետեւանքով երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ յառաջացած ճգնաժամին: Լրագրողը կը նշէ, որ Հունգարիոյ մէջ եւս բոլորին համար ապշեցուցիչ էր Սաֆարովի ազատ արձակումն ու հերոսացումը Ատրպէյճանի մէջ:
Արցախ այցելած հունգարացի մէկ այլ լրագրող Տէյվիտ Տերշենին, որ հունգարական ամենամեծ կայքերէն մէկը` «Hvg.hu»-ն կը ներկայացնէ, իր` «Լեռնային Ղարաբաղ. մենք գտանք հիանալի գանձեր չճանչցուած երկրին մէջ» յօդուածին մէջ նկարագրած է Սեպտեմբերին Արցախ կատարած այցէն ստացած տպաւորութիւնները, Ղարաբաղի «Երեւակայական բնութեան գեղեցկութիւնը, պատմական յուշարձանները, որոնք կը գրաւեն աշխարհի աւելի ու աւելի շատ թիւով մարդիկ»:
Լրագրողը համառօտ կ՛անդրադառնայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան պատմութեան` ընդգծելով, որ 1920-ականներու սկիզբը «Արցախն ու հայկական պատմական այլ հողեր Ստալինի կողմէ բռնակցուած են Ատրպէյճանին»:
Հունգարացի լրագրողը անդրադարձած է Արցախի պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանի, արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի հետ ունեցած հանդիպումներուն, որոնց ժամանակ պաշտօնեաները ներկայացուցած են Արցախի տնտեսութեան զարգացման հեռանկարները, արտաքին քաղաքականութեան ուղղութիւնները:
Յօդուածագիրը յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է Թումօ արհեստագիտական կեդրոնին` նկարագրելով պատանիներուն անվճար մատուցուող բարձրակարգ արհեստագիտական կրթութիւնն ու նորարարական կեդրոնի աշխատանքները:
Յօդուածին մէջ յատուկ անդրադարձ կատարուած է Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան: Հեղինակը կը նշէ, որ հայերը աշխարհի մէջ քրիստոնէութիւնը ընդունած ամենահին ազգն են, հիացմունքով կը նկարագրէ այցերը հինաւուրց վանքեր (Ամարաս, Դադիվանք, Գանձասար, Շուշիի Սբ. Ամենափրկիչ), Արցախի տեսարժան այլ վայրեր (Ճտրտուզ, Տնճրի):
Արցախի համեղ սնունդով հիացած հունգարացի լրագրողը միաժամանակ կը նշէ, որ երկրի զբօսաշրջային ներուժի փոքր մասը կ’օգտագործուի:
Տերշենին կ’ընդգծէ արցախահայութեան քրիստոնէական հաւատքի պատմական դերը, կը նշէ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ Սրբազանի հետ ունեցած հանդիպման մասին, կ’անդրադառնայ հայկական ազգային աւանդոյթներուն, արժէքներուն, ընտանիքի նկատմամբ առանձնայատուկ վերաբերմունքին: