Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին հրամանագրով՝ Անահիտ Յարութիւնեան Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան նշանակուած է:
Անահիտ Յարութիւնեան ծնած է Փետրուար 23, 1975-ին:
Ուսում
– 2005-2007 Խուան Ռամօն Ֆերնանդէսի անուան լեզուներու ուսուցման համալսարան, Արժանթին:
– 2000-2001 Աթէնքի համալսարան, մագիստրոսի կոչում:
– 20 Յունիս-5 Յուլիս 2000 դիւանագիտական դասընթացքներ, Գահիրէ, Եգիպտոս:
– 26 Մարտ-10 Հոկտեմբեր 1999 Ֆլեթչըրի Իրաւունքի եւ Դիւանագիտութեան դպրոց, Ֆլեթչըր, ԱՄՆ:
– 15 Սեպտեմբեր-15 Դեկտեմբեր 1998 Քլինկէնտայի Միջազգային Յարաբերութիւններու համալսարանի դասընթացքներ, Հաակի, Հոլանտա:
– 1992-1997 ԵՊՀ արեւելագէտ-բանասէր, թարգմանիչ (թրքերէն):
Աշխատանքային գործունէութիւն
– 2018 Նոյեմբեր Ժընեւի ՄԱԿի գրասենեակին եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ, ինչպէս նաեւ Շուէտի ՀՀ դեսպանութեան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար:
– 11 Մայիս 2018էն Շուէտի ՀՀ դեսպանութեան խորհրդական
– 2014-2018 ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարարի օգնական
– 2011-2014 Պելճիքայի ՀՀ դեսպանութեան առաջին քարտուղար
– 20 Յունուար-1 Սեպտեմբեր 2011 ՀՀ ԱԳՆ (Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն) Ամերիկայի վարչութեան Կեդրոնական եւ Հարաւային Ամերիկայի բաժնի առաջին քարտուղար
– 2010-2011 ՀՀ նախագահի աշխատակազմ
– 1 Յունիս-20 Յուլիս 2010 ՀՀ ԱԳՆ Ամերիկայի վարչութեան Կեդրոնական եւ Հարաւային Ամերիկայի բաժնի առաջին քարտուղար
– 2009-2010 ՀՀ նախագահի աշխատակազմ
– 2009 ՀՀ ԱԳՆ Ամերիկայի վարչութեան Կեդրոնական եւ Հարաւային Ամերիկայի բաժնի առաջին քարտուղար
– 2008-2009 ՀՀ ԱԳՆ Ամերիկայի վարչութեան Կեդրոնական եւ Հարաւային Ամերիկայի բաժնի երկրորդ քարտուղար
– 2005-2008 Արժանթինի ՀՀ դեսպանութեան երկրորդ քարտուղար
– 2004-2005 Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի երկիրներու վարչութեան Թուրքիոյ բաժնի երկրորդ քարտուղար
– 2000-2004 Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի երկիրներու վարչութեան Թուրքիոյ բաժնի երրորդ քարտուղար, 2001էն՝ նոյն բաժնի վարիչ
– 1998-2000 Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի երկիրներու վարչութեան Թուրքիոյ բաժնի կցորդ
– 1997-1998 Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի երկիրներու վարչութեան Թուրքիոյ բաժնի պատասխանատու
Օտար լեզուներու իմացութիւն
Ռուսերէն, անգլերէն, սպաներէն, թրքերէն
Ջերմօրէն բարի գալուստ կը մաղթենք Հայաստանի նորանշանակ վսեմաշուք դեսպանին եւ կը մաղթենք ամբողջական յաջողութիւն իր ստանձնած խիստ կարեւոր առաքելութեան մէջ:
«ԱՊԱԳԱՅ» Շաբաթաթերթ