Արժ. Տէր Դաւիթ Քհնյ. Մարգարեան՝ Արժանացաւ Լանջախաչ Կրելու Իրաւունքին
Կիրակի, 5 Մայիս 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ հանդիսապետութեամբ՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր: Օրուան Պատարագիչն էր՝ Արժ. Տ. Դաւիթ Քհնյ. Մարգարեան, Հոգեւոր Հովիւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ: Ս. Խորանին սպասարկեցին Բարեշնորհ սարկաւագներն ու դպիրները, Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց «Կոմիտաս» Դպրաց Դաս Երգչախումբը, ղեկավարութեամբ՝ Սարգիս Պարսէմեանի եւ երգեհոնի ըկերակցութեամբ՝ Կարէն Մանուչարեանի:
Ս. Պատարագի ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ եւ միջնորդութեամբ Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի, Արժ. Դաւիթ Քհնյ. Մարգարեանին շնորհուեցաւ լանջախաչ կրելու առաջին իրաւունք, ձեռամբ՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր: Վեհափառ Հայրապետին Կոնդակը ընթերցեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը:
Պատարագի աւարտին Արժ. Տ. Դաւիթ Քհնյ. Մարգարեան իր երախտագիտական զգացումներուն կողքին արտայայտեց իր անհուն սրտի ուրախութիւնը եւ յատկապէս իր շնորհակալութիւնը յայտնեց ներկայ հաւատացեալներուն, որոնք արժանի կերպով եկած էին մեծարելու եւ շնորհաւորելու իրենց Հոգեւոր Հովիւին լանջախաչի արժանացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Ապա, Տէր Հայրը իր քարոզին միջոցաւ յայտնեց թէ օրուան Կիրակին կը կոչուի Աշխարհամատրան կամ Կանաչ Կիրակի, որ կը ներկայացնէ աշխարհի առաջին եկեղեցին եւ կ’առնչուի բնութեան հետ գարնանային վերազարթօնքի, որ թարմութիւն եւ կենդանութիւն կը պարգեւէ մարդկութեան:
Ապա, հաւատացեալները հրաւիրուեցան «Մարի Մանուկեան» սրահ, ուր ի պատիւ Արժ. Տ. Դաւիթ Քհնյ. Մարգարեանին՝ Հիւրասիրութիւն-Ընդունելութիւն նախաձեռնութեամբ՝ Ծխական Խորհուրդին, որ կազմակերպուած էր Առաջնորդարանի Հովանիին տակ գործող «Հայաստանի Երեխաներու Հիմնադրամի» CFFA-ի Յանձնախումբին կողմէ գլխաւորւթեամբ՝ Տիկ. Մարգարիտ Գազարեանի, համագորրծակցութեամբ «ԿԱՄԱՐ» Երիտասարդաց Յանձնախումբին եւ աջակցութեամբ՝ «Տիկնանց Յանձնախումբին» եւ օժանդակներուն:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը, որուն ընթացքին Տիկ. Սիլվա Ամատունի ասմունքեց Դանիէլ Վարուժանի «Կարմիր Հողը» բանաստեղծութիւնը: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ՝ հանրածանօթ դաշնակահարուհի՝ Տիկ. Զինա Վարոսեան եւ ջութակահար՝ Օրդ. Լինէթ Իսրայէլեան:
Հանդիսութեան աւարտին հերթաբար խօսք առին կազմակերպութիւններու ատենապետներ եւ ղեկավարներ,փոխանցելով իրենց սրտի խօսքն ու շնորհաւորանքը Տէր Հօր: Ծխական Խորհուրի անունով Խօսք առաւ Տիկ. Սիլվա Ամատունի, «Տիկնանց Յանձնախումբի» եւ օժանդակ տիկիներու անունով Տիկ. Վերժին Ասատուրեան,Պոլսահայ Մշակութային Միութեան անունով՝ Պր. Վահէ Քէրէսթէճեան, Եկեղեցւոյ «ԿԱՄԱՐ» Երիտասարդաց Յանձնախումբէն՝ Հայկ Պետրոսեան, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Ատենապետ՝ Պր. Նուպար Պապիկեան:իւրայատուկ կերպով խօսք առաւ նաեւ՝ գաղութիս Պատուաւոր Անդամ՝ Տօքթ. Արշաւիր Կէօնճեան, որ մեծարեց եւ գնահատեց Տէր Հօր յաջողութիւնն ու նորանոր ձեռքբերումները, հակառակ նոր ժամանած ըլլալով Մոնթրէալահայ գաղութէն ներս: Ան մեծապէս շնորհաւորեց եւ յաջողութիւն մաղթեց Տէր Հօր յառաջիկայ առաքելութիւններուն:
Հանդիսութեան աւարտին իր հայրական օրհնութիւնն ու գնահատանքը բերաւ Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ մաղթելով արգասաբեր ծառայութիւն եւ զօրացեալ Ս. Խաչի ներքոյ նորանոր յաջողութիւններ:
Եկեղեցւոյ Մամլոյ Դիւան