«Ապագայ» Շաբաթաթերթի 43-րդ տարեդարձ

Պանծալի կերպով նշուեցաւ Մոնթրէալի Թ.Մ.Միութեան «ԱՊԱԳԱՅ» Շաբաթաթերթի 43-րդ տարեդարձը բարձր որակի թատերախաղով ուր կամփոփէր իր երկար տարիներու ազգային ոգիի աննկուն զօրութիւնը

«Օգնական եղի’ր, Տէր Աստուած, ուժ տուր ինծի, որ ձեռքս չի դողայ… իրաւունք տուր, իրաւունք, որ մէկ մարդ կարենայ մէկ այլ մարդու դատավճիռն արձակել»:

Այսպէ’ս աղօթեց Սողոմոն Թէհլիրեան, այսպէս աղօթեց եւ ամբողջ հանդիսասրահը, եւ Աստուած լսեց հերոսին աղօթքը: Թալէաթ փաշա սպաննուեցաւ… Սողոմոն անպարտ արձակուեցաւ:

…Հակառակ, որ բոլորս գիտենք պատմութիւնը, ամբողջ մօտ 2 ժամ մագնիսացած վայելեցինք Ժիրայր Բաբազեանի աննախընթաց բեմադրութիւնը, Պերճ Զէյթունցեանի բարձրորակ հայերէն լեզուով թատերգութիւնը եւ Յարութ Չաթմաճեանի կազմակերպչական-բեմադրական ձիրքերը. իսկ Մհեր Մկրտչեան թատերախումբը տուաւ իր գլուխ –գործոցը1

Flash-book երու ներդաշնակ յաջորդականութիւնը տուաւ գունաւոր այլազանութիւն մը, ուր կը շեշտէր Ժիրայր Բաբազեանի տարիներու արուեստի փորձառութեան բարձրութիւնը:

Մեզի անակնկալ մըն էր Սողոմոն Թէհլիրեանի եզրափակիչ մեկնաբանութիւնը, ուր ան չուրախանար իր ազատ արձակման վճիռովը: Ըստ իրեն, ուրեմն այսպէսով կը լուծո՞ւի հայկական հարցը: 1,5 միլիոն ջարդուած հայերու ճակատագիրը կը մոռցո՞ւի: Հայ ժողովուրդը այլեւս պէտք է գո՞ցէ ջարդին հարցը եւ ուրախանա՞յ Թէհլիրեանի ազատ արձակումովը: Ցնցիչ, տրամաբանական եւ ազգային զգացումներով տոգորուած մեկնաբանութիւն մը հեղինակին՝ Պերճ Զէյթունցեանի կողմէ:

Բոլոր դերակատարները՝ հատ-առ-հատ, տուին բացառիկ խաղարկութիւն: Ատեցինք Թալէաթ փաշան Արմենակ Գուրուշեան իր բնական կատարումին համար, սիրեցինք Տիկ. Տիթմանը Էլիզապէթ Աքեան իր նրբութեան համար, կարեկցեցանք Թալէաթի կնոջ Թալին Գարակիւլլէեան, որքա՜ն ներդաշնակ ու անհրաժեշտ էր 3 հոգիներու Արփի Չանքար, Թալին Պահեան եւ Դալար Զօքեան ներկայութիւնը երբ պատմութիւնը իր ծալքերը կը բանար, շատ տրամաբանական առարկութիւններով կոլնիք (նահանգային դատախազ՝ Շմաւոն Ադամեան կ’արդարացնէր իր յարձակողականը, Տօքթ. Լէհնպըրկ դատարանի նախագահ՝ Յարութ Չաթմաճեան զգացինք իր բեմական վարժ փորձառութիւնը, իրենց հաճելի ներկայութեամբ զոյգ պաշտպան փաստաբանները Տօքթ. Ատոլֆ ֆոն Կորտոն եւ Տօքթ. Քըրթ Նիմէյըր Միսաք Պօղոսեան եւ Արէտ Սփենճեան մեր սրտերը գրաւեցին, իսկ վկաներու ներկայութիւնը Տօքթ. Եոհաննէս Լէփսիուս Յակոբ Վարդիվառեան իր թունդ ու հռետորական ոճով , Տօքթ. Մարթին Նիփակ Ռոյ Պահեան Օթթօ Լայմըն ֆոն Սենտըրզ Աշոտ Սփենճեան, հետաքրքրական էր Երանուհի Դանիէլեանի Թալին Գարակիւլլէեան ներկայութիւնը երբ ան կ’արտայայտուէր թէ մէկ կամ երեք կուսակցութիւններու ներկայութիւնը չէր միայն՝ այլ համայն հայութեան, հայ քահանային Արփիար Էլմաեան իբրեւ վկայ կը շեշտէր մեր հայկական-եկեղեցական շփումը, երկու պահակներ Արէգ Չաթմաճեան եւ Վիգէն Աբգարեան: Ցնցիչ էր Սողոմոն Թէհլիրեանի ազատ արձակման վճիռը Զարմինէ Պօղոսեանի կողմէ:

Արժանի է յիշել թէքնիք աշխատողներու խումբին մասին որոնց բծախնդրութեան պատճառաւ յաջողութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին: Զգեստաւորում Մարի Զօքեան, ձայն Հրաչ Զօքեան, Վիտէօ եւ լոյս Մարիա Պարսումեան, ենթախորագիրներու պատրաստութիւն՝ Անուշ Կիւլեան, դիմայարդարում Սօնիա Ալէմքեան եւ Ռիթա Վարդանեան եւ բոլոր երաժշտական մէջբերումներ՝ Յարութ Պարսումեան:

Վերջապէս հասանք  Սողոմոն Թէհլիրեան ի:

Արդեօք կարելի էր գտնել վրէժխնդրութեամբ ու ատելութեամբ, յոյսով ու յոյզով, ազգային զգացումները արտայայտող աւելի յարմար մէկը քան Յարութ Պարսումեան ը… չեմ կարծեր:

Ներկայացումէն առաջ, Տիար Հրայր Տէր Գէորգեան Թ.Մ.Միութեան եւ Ապագայ շաբաթաթերթի կողմէ, դիւրայաղորդ ոճով, կրցաւ պարզել երեք պատճառներ այս բոլոր հանդիսութեան: Առաջին՝ այս ձեռնարկը մեկնակէտն է Մոնթրէալի կորիզային կարեւորագոյն կազմակերպութիւններէն մէկը հանդիսացող Թ.Մ.Միութեան 50 ամեակը նշող, յառաջիկայ տարուայ ընթացքին տեղի ունենալիք բազմաթիւ ձեռնարկներու շարքին: Ան յիշեց առաջին շաբաթաթերթը «Ապագա»ն ուրիշ շատ մը իրագործուած գանձ-աշխատանքներու: Երկրորդ պատճառը՝ «Ապագա»ի 43-րդ տարեդարձը ինչպէս նաեւ անոր համացանցային տարբերակ ABAKANEWS եռալեզու թերթին 3-րդ տարեդարձը: Վերջապէս այսօրուայ երեկոյթին երրորդ կարեւորագոյն հանգամանքը այն է թէ թատերական այս ձեռնարկը կը հրամցուի մեզի, մեր քոյր, Նիւ Եորքի Թ.Մ.Մ. եան Մհեր Մկրտչեան թատերախումբին կողմէ, թատերախումբ մը որ աւելի քան քսան թատերական գործեր ներկայացուցած է Միացեալ Նահանգներ ինչպէս նաեւ Երեւան եւ Կիւմրի քաղաքներուն մէջ:

* * *

Շաբաթ՝ 10 Նոյեմբեր 2018

Մոնթրէալի Թ.Մ.Մ. եան եւ «Ապագայ» շաբաթաթերթի վարչակազմը անհամբերութեամբ կը սպասէր Մհեր Մկրտչեան թատերախումբի ժամանումին:

… Եւ հասաւ Bus ը աւելի քան 30 անդամներով:

Զուարթ, խնդումերես ու կատակասէր խումբ մը, որ մի քանի վայրկեանուայ ընթացքին, կարծես տարիներէ ի վեր կը ճանչնայինք զիրար:

… Երեկոյեան մեր հանդիպումը եղաւ Թ.Մ.Մ. եան կեդրոնին մէջ:

Պատուասիրութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ պատահականօրէն անպատրաստից գեղարուեստական յայտագիր մը՝ զուարճալիքներու ելոյթներ: Այս բոլորը թատերախումբին կողմէ: Ի միջի այլոց ներկայ էին նաեւ տեղական այցելուներ, գալու ու միանալու իրենց Նիւ Եորքի հարազատներուն, եւ այդ առիթով էր որ մեզ հմայեց Շուշան Մելքոնեանը իր-ինչպէս միշտ –ասմունքով, մի քանի կտորներով Վահան Թէքէեանի, պահ մը թերահաւատութեամբ մտածեցի թէ այս թատերախումբը ինչպէս պիտի կարենայ յաջորդ օրը այնքա՜ն մեծ պատասխանատուութեան մը կրել իր ուսերուն վրայ իր այսքան զուարթ տրամադրութեամբը:

Յաջորդ գիշեր Կիրակի 11 Նոյեմբերին ներկայացումէն ետք, կրկնուեցաւ նոյնիսկ աւելի խանդավառ մթնոլորտ մը: Այլեւս յաղթանակը տարուած էր եւ տրամադրութիւնները աւելի բարձր էին:

… Եւ հասաւ մեկնումի պահը:

Կ’ըսեն թէ ամէն ինջ վերջ մը ունի: Սակայն ո’չ այս մէկը: Այս յաջողութիւնը սկիզբն էր նորանոր յաջողութիւններու, նորանոր համագործակցական խոստումներու փոխադարձ ուժերով:

… Ցտեսութիւն:

 

Սիրելի Սողոմոն:

Այս խօսքերը թող փունջ մը խաղաղութեան ծաղիկ ըլլան քու չարչարուած ու մտահոգ հոգիիդ:

Ներկայացման վերջաւորութեան տխո՜ւր էիր թէ քու ազատ արձակումովդ այլեւս վերջ պիտի գտնէ՞ր հայկական հարցը:

Ո’չ:

Վկա’  նոր հայկական դպրոցները, վկա’  նոր թերթերն ու շաբաթաթերթեր’ վկա’  նոր «Ապագայ»-ներ ու զանազան միութիւններ ու «Թէքէեան»-ներ որ ծագում առին ու ահաւասիկ դեռ կը շարունակեն 40 կամ 50 տարիներէ ի վեր:

Ո’չ:

Չէ’ գոցուած հայկական հարցը:

Ընդհակառակը, դեռ կը շարունակուի քաղաքական կամ մշակութային գետնի վրայ:

Մի’ մտահոգուիր: Քու կտակդ կը շարունակուի թերեւս տարբեր ձեւերով: Քու ատելութիւնդ ու վրէժխնդրութիւնդ կը շարունակուին տարբեր միջոցներով:

Իսկ դուն մի’շտ կը մնաս օրինակելի հերոսը՝ տարբեր ժամանակներու համեմատ, տարբեր հնարքներով:

Մի’ մտահոգուիր սիրելի Սողոմոն Թէհլիրեան խաղաղութիւն քո չարչարուած հոգիիդ: 

Պերճ Գոգորեան