Ապրումներ՝ Մոնթրէալի Թ.Մ.Մ.-եան կազմակերպած Եգիպտոսի զբօսապտոյտէն

Հաղորդագրութիւն թիւ 2

Վերջապէս մօտեցաւ անհամբերութեամբ սպառած թուականը՝ 16 Մարտը, որ կազմակերպուած էր Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակութային Միութեան կողմէ՝ երազային շրջապտոյտը դէպի Աֆինքսներու հայրենիքը՝ Եգիպտոս: 35 տիկնայք եւ պարոնայք հոս միացանք Գահիրէի Սոնէսքա պանդոկին մէջ:

Առաջին վայրկեանէն կը զգայինք կազմակերպութեան մանրակրկիտ երեւոյթը, մտածելով եւ դասաւորելով նոյնիսկ ամենաչնչին թուացող իրադարձութիւնները՝ դիմաւորում, պանդոկի տեղադրում եւ փոխադրութիւն զանազան կեդրոններ եւ ձեռնարկներու մասնակցումին համար:

Մեծ գոհունակութեամբ կը յայտարարեմ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Թ.Մ.Մ.-եան այս երազային գաղափարը իրականութեան յանձնելու համար. շնորհակալութիւն մեր բոլոր նոր ծանօթացած ընկեր-ընկերուհիներուն, որոնք ամբողջ պտոյտի ընթացքին իրար հետ համաձայնեցանք ուրախութեամբ եւ յարգանքով, իրար հասկացողութեամբ եւ օգնելու, ձեռք մեկնելով մէկս միւսին որեւէ մէկ ատեն:

Շատ ընդարձակ ծրագիր մը ունինք. արդէն այցելեցինք՝ Էլ-Տինի մզկիթը, պետական թանգարանը, հայկական երկու կեդրոնները՝ ՀՄԸՄ Նուպարն ու Կոկանեան սրահները, ներկայ գտնուեցանք հայկական պարի համոյթին, այցելեցինք Բուրգերն ու Սֆինքսը, օդանաւի թռիչքով հասանք Ասուան քաղաքը այցելելով Նուպիներու գիւղը, նշանաւոր Ամբարտակները մեծ եւ փոքր, փոքր նաւերով պտոյտներ Նեղոսի վրայ, այցելեցինք Ապի Սիմպոլ տաճարը: Այժմ նստած շոգենաւի վրայ կ’ուղղուինք դէպի Luxor:

Արփի