Բացառիկ Հարցազրոյց Արցախի Հանրապետութեան ԱԳ նախարար Դաւիթ Բաբայեանին հետ
– Յարգելի Պրն. Բաբայեան այսօրուայ դրութեամբ ի՞նչ են Արցախի հիմնական մարտահրաւէրները։
Արցախը միշտ ալ առերեսուած է տարբեր մարտահրաւէրներու հետ։ Դարեր շարունակ մենք պայքարած ենք ազատութեան եւ մեր իրաւունքներուն համար։ 1921 թուականին Արցախը բռնակցուեցաւ արհեստականօրէն ստեղծուած Ատրպէյճան պետութեան, որու պատճառով մինչեւ 1988 թուականը Արցախի ժողովուրդը կ’ենթարկուէր բռնաճնշումներու, սակայն այդ հանգամանքը հիմնականին չէր հանրայնացուէր։
1988-էն մինչ այսօր մեր պայքարը համաժողովրդական է, եւ արցախահայութիւնը կը պայքարի իր իրաւունքներու, ազատութիւններու եւ ապագային համար, ողջ հայութեան հետ միասին։
Արդի ժամանակահատուածը ամենաբարդն է մեր պատմութեան մէջ. Արցախը կ’առերեսուի գոյաբանական մարտահրաւէրներու հետ, եւ Արցախի ապագայէն կախեալ է հայոց պետականութեան եւ հայ ժողովուրդի ապագան։
– Տարբեր առիթներով յայտնած էք, որ Արցախի եւ իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին համար բոլոր առումներով անընդունելի է Ատրպէյճանի կազմին մէջ ըլլալու առաջադրանքը։ Այսօր առկայ է այդ վտանգը եւ ձեր կարծիքով Արցախն ու Արցախի իշխանութիւններն ու ժողովուրդը կարո՞ղ են պայքարիլ նման առաջարկի մը դէմ։
Ինչպէս արդէն նշած եմ, 1921 թուականէն ի վեր մենք պայքարած ենք Ատրպէյճանի բռնաճնշումներուն եւ անոր ծաւալապաշտական նկրտումներուն դէմ։ Այդ պայքարի ընթացքին անցած ենք բազում դժուարութիւններէ եւ զրկանքներէ, տուած ենք բազմաթիւ զոհեր եւ անդառնալի կորուստներ։ 1988-1991 թուականներուն, Ատրպէյճան իրականացուցած է ցեղասպանութիւններ Սումկայիթի, Պաքուի, Գանձակի մէջ, հայաթափուած է Հիւսիսային Արցախը։ 1991-2020 թուականներուն Ատրպէյճան երեք լայնածաւալ պատերազմներ սանձազերծած է Արցախի Հանրապետութեան դէմ, բռնագրաւած է Արցախի տարածքի աւելի քան 80 տոկոսը, հազարաւոր մեր քաղաքացիներ զոհուած են յանուն հայրենիքի՝ պաշտպանելով Արցախի Հանրապետութիւնը Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ միջազգային ահաբեկիչներու յարձակումներէն։ Ատրպէյճանի կազմէն ներս Արցախի ապագան միայն մէկ է՝ կործանում։ Բնական է, որ Ատրպէյճանի կազմէն ներս որեւէ կարգավիճակ մեզի համար անընդունելի է։ Ինչ կը վերաբերի անոր, թէ մենք կը կարողանա՞նք պայքարիլ Արցախի Հանրապետութիւնը Ատրպէյճանին բռնակցելու հոսանքներուն դէմ, կ’ուզեմ վերահաստատել շատ պարզ ճշմարտութիւն մը. մեր ճակատագիրը բացառապէս կախեալ է մեզմէ։ Անհնարին է ջարդել անսասան հաւատքը, անկոտրում կամքը եւ արժանապատուութիւնը։
– Միջազգային հանրութեան եւ յատկապէս «Արեւմտեան պլոք»էն վերջին շաբաթներուն դրական նախանշաններ ստացանք Արցախի հարցը փակուած չնկատելու ու նաեւ տեղ մը հայկական կողմին որոշ պատգամներ ուղարկելու վերաբերեալ։ Այդ մէկը կ՚ոգեւորէ ձեզ։
Արցախեան հիմնախնդիրը եւ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութիւնը վաղուց արդէն միջազգայնացուած են։ Անդրկովկասը համաշխարհային աշխարհաքաղաքական քարտէզին վրայ կը գրաւէ շատ կարեւոր տեղ։ Այդ է պատճառը, որ տարբեր երկիրներ եւ ուժային կեդրոններ, ըլլան անոնք համաշխարհային կամ տարածաշրջանային, այստեղ ունին հետաքրքրութիւններ եւ շահեր։ Այդ իր մէջ կը պարունակէ ե՛ւ վտանգներ, ե՛ւ հնարաւորութիւններ։ Մենք պէտք է ըլլանք իմաստուն, որպէսզի կարողանանք արդիւնաւէտօրէն խուսափիլ վտանգներէն եւ ճիշդ օգտագործել հնարաւորութիւնները։
– Յաճախ կը նկատենք, որ մասնաւորապէս Երեւանի մէջ կան մարդիկ, կամ ուժեր, որոնք ժխտական գնահատականներ կը հնչեցնեն Ռուս խաղաղապահներու հասցէին։ Ի՞նչ կը մտածէք այդ առումով։
Ռուս խաղաղապահ առաքելութիւնը այսօրուայ դրութեամբ կը համարուի ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիէն ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման ամենակարեւոր գործօնը։ Եթէ ռուս խաղաղապահ առաքելութիւնը չըլլայ, դժուար է նոյնիսկ կանխատեսել, թէ ինչպիսին կ’ըլլայ Արցախի ճակատագիրը։ Խօսելով ռուս խաղաղապահ առաքելութեան, Ռուսիոյ եւ այլ երկիրներու հետ փոխյարաբերութեան մասին՝ կ’ուզեմ յատկապէս ընդգծել հետեւեալը. աշխարհին մէջ կ’երեւի թէ միայն երկու ժողովուրդ կայ՝ մենք եւ հրեաները, որոնք ունենալով սփիւռք՝ հնարաւորութիւն ունին լաւ յարաբերութիւններ պահպանել ամենատարբեր երկիրներու հետ, նոյնիսկ այն երկիրներուն, որոնք իրարու հետ լուրջ խնդիրներ ունին։ Ռուսիան մեզի համար եղբայրական երկիր է, եւ այդ պայմանաւորուած է ոչ միայն պատմութեամբ, աշխարհաքաղաքականութեամբ, տնտեսական գործօններով, այլ նաեւ անով, որ Ռուսիոյ հայ համայնքը մեր Սփիւռքի ամենամեծ հատուածն է եւ թուաքանակով կը գերազանցէ 3 միլիոնը։ Այս ամէնը նկատի առնելով՝ մենք պարզապէս պարտաւոր ենք եղբայրական յարաբերութիւններ ունենալ ՌԴ-ի հետ, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ մենք պէտք է թշնամանք այլ երկիրներու, մասնաւորապէս, Ամերիկայի, Ֆրանսայի եւ Իրանի հետ, քանի որ առաջին հերթին այնտեղ ունինք հայկական մեծ Սփիւռք։ Ի հարկէ, հասկնալի է, որ կան մարդիկ, որոնք իրենց աշխարհ ընկալմամբ եւ գաղափարներով արեւմտամէտ են։ Սակայն արեւմտամէտութեան հիմնական եւ նոյնիսկ միակ չափանիշը պէտք չէ ըլլայ ռուսատեացութիւնը։ Եւ հակառակը՝ ռուսամէտութեան միակ չափանիշը պէտք չէ ըլլայ արեւմտատեաց աշխարհընկալումը։ Նման մօտեցում կործանարար է մեր երկրի եւ պառակտիչ՝ մեր ժողովուրդի համար։ Հետեւաբար, մենք պէտք է ոչ թէ որեւէ մէկը ատենք ի հաշիւ միւսին, այլ բացառապէս առաջնորդուինք մեր շահերով։ Այսպիսով՝ բոլոր անոնք, որոնք կը սերմանեն ատելութիւն Ռուսիոյ եւ այլ երկիրներու նկատմամբ, կը կործանեն հայրենիքը՝ հասկնալով կամ չհասկնալով այդ, միտումնաւոր կամ ոչ միտումնաւոր։
– Անվտանգութեան խիստ կարեւոր օրակարգէն անդին, ձեր տեսակէտով ի՞նչ պէտք է ըլլայ ամբողջ հայութեան ՝ Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք եռամիասնութեան քաղաքական օրակարգը եւ ընելիքը կապուած Արցախեան հիմնախնդրին։
Վերը արդէն ընդգծած ենք, որ կը գտնուինք մեր պատմութեան ամենաբախտորոշ փուլը եւ պէտք է ամէն ինչ ընել, որպէսզի Արցախը փրկենք։ Եթէ չըլլայ Արցախը, չ’ըլլար Հայաստանն ու հայոց պետականութիւնը, որմէ յետոյ կ’անհետանայ նաեւ հայկական Սփիւռքը։ Այդ իսկ պատճառով արդի ժամանակաշրջանին, չափազանց կարեւոր է, որ Արցախի փրկութիւնը ըլլայ համայն հայութեան թիւ մէկ խնդիրը։
Տեսանելի ապագային արցախակեդրոնութիւնը պէտք է դառնայ հայոց քաղաքական մտածելակերպի հիմքը։
– Մօտիկ յառաջիկային ցնցումներու ականատես կրնա՞նք դառնալ։ Աստուած մի արասցէ ապահովական սպառնալիքներ, մեծ լարումներ եւ հայաթափութեան վտանգ, այս բոլորը հաշուառուա՞ծ են Արցախի իշխանութեանց կողմէ։
Կ’ուզեմ անգամ մըն ալ կրկնել, որ իւրաքանչիւր մարտահրաւէր իր մէջ կը պարունակէ ոչ միայն վտանգ, այլ նաեւ՝ հնարաւորութիւն եւ ամէն ինչ կախեալ է անկէ, թէ ինչպէս մենք կը կարողանանք այդ ամէնը օգտագործել։ Կը յաջողին այն ժողովուրդները, որոնց հասարակութիւններուն համար հայրենասիրութիւնն ու արհեստավարժութիւնը կարեւորագոյն արժէքներ են եւ կը ձախողին այն երկիրները, ուր ո՛չ հայրենասիրութիւնը եւ ո՛չ արհեստավարժութիւնը առաջնային են։
– «Ապագայ» թերթի հարթակէն, ի՞նչ ըսելիք ունիք Գանատայի մեր ընթերցողներուն ու նաեւ ամբողջ սփիւռքահայութեան։
Կ’ողջունեմ Սփիւռքի եւ մասնաւորապէս Գանատայի մեր հայրենակիցները, շնորհակալութիւն կը յայտնեմ հայրենանուէր գործունէութեան համար։
Արցախի մէջ այդ գիտեն եւ բարձր կը գնահատեն։ Մենք պէտք է ամէն ինչ ընենք մեր եռամիասնութիւնը պահպանելու եւ ա՛լ աւելի ամրապնդելու ուղղութեամբ։ Այո, մենք մարմնով ծանր վիրաւոր ենք, բայց ոգիով ու հաւատքով՝ ամուր ու հաստատակամ։ Իսկ այդ կը նշանակէ, որ հնարաւորութիւն կայ ապաքինուելու եւ կերտելու յուսալի եւ արժանապատիւ ապագայ։
Սագօ Արեան