Չորեքշաբթի՝ 12 Յունիս 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Վատիկանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապին հետ: Հանդիպման ընթացքին տեսակէտներու փոխանակում տեղի ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ առաջարկուած հետեւեալ կէտերուն շուրջ.-
ա) Միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու առաւել ծաւալումը ու յարաբերութիւնը գործակցութեան վերածելու հրամայականը:
բ) Սուրբ Յարութեան տօնը բոլոր եկեղեցիներուն կողմէ միասնաբար նոյն թուականին նշելու հարցը:
գ) Երրորդ Վատիկանի ժողով մը գումարելու անհրաժեշտութիւնը՝ գործօն ներկայութեամբ ոչ-կաթոլիկ եկեղեցիներուն:
դ) Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան ամրապնդումը եւ նոր նախագահի ընտրութիւնը:
ե) ազրպէյճանի մէջ գտնուող հայ քաղաքական բանտարկեալներու շուտափոյթ ազատ արձակումը:
զ) Արցախի հայութեան վերադարձը իր պապենական հողերը՝ միջազգային երաշխաւորութեամբ: