«Արարող Հայաստան» խորագիրով ցուցահանդէս Սպանիոյ մԷջ` նուիրուած Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակին

Սպանիոյ Էլտա քաղաքի «Արարատ» հայկական միութիւնը Փեթրեր քաղաքի քաղաքապետարանի եւ մշակոյթի բաժինին հետ համագործակցութեամբ Նոյեմբեր 9-ին  Փեթրերի «Հորնօ» ցուցասրահին մէջ կազմակերպած էր «Արարող Հայաստան» խորագիրով ցուցահանդէս` նուիրուած Էրեբունի-Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակին:

Ինչպէս աղբիւրը կը տեղեկացնէ  Էլտա քաղաքի «Արարատ» հայկական միութեան նախագահ Անահիտ Օհանեան, ցուցահանդէսի հանդիսաւոր բացումին ցուցադրուած է տեսանիւթ` նուիրուած Երեւանի հիմնադրման  պատմութեան` Արգիշտի 1-էն մինչեւ մեր օրերը` ընդգրկելով  հայկական ճարտարապետութեան գոհարները եւ մշակոյթի վերընթաց զարգացման գործին մէջ իրենց ուրոյն տեղն ունեցող յայտնի ճարտարապետներու, գեղանկարիչներու  եւ նոր սերունդը ներկայացնող նկարիչներու գործերը: ցուցահանդէսն անցած  է ջերմ մթնոլորտի մէջ` հիացնելով  ներկաները եւ  անգամ մը եւս ամրապնդելով  հայ-սպանական մշակութային կապերը:

Ցուցահանդէսին միութիւնը Հայաստանէն հրաւիրած էր նկարչուհի Օֆելիա Գոնչարովան` ցուցադրելու իր  գեղանկարչական, ինչպէս նաեւ իր հիմնադրած «Տեկկարտ» կերպարուեստի եւ զարդարական-կիրառական արուեստի կեդրոնի 5-16 տարեկան սաներու գունագեղ եւ ինքնատիպ աշխատանքները:

Ցուցահանդէսի բացումին ներկայ էին Էլտա–Փեթրեր քաղաքներու քաղաքապետարաններու պաշտօնատար անձիք, տարբեր քաղաքական կուսակցութիւններու առաջնորդներ, ներկայացուցիչներ եւ էլտա, Փեթրեր, Ալիքանտէ քաղաքներու հայ եւ սպանացի արուեստասէրներ:

Ի դէպ, Էլտա եւ Փեթրեր  քաղաքները 2016-2017 թոըականներուն Էլտայի «Արարատ» հայկական միութեան նախաձեռնութեամբ ճանչցած եւ դատապարտած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը: