Աշխարհահռչակ պոլսահայ լուսանկարիչ Արա Գիւլերի ծննդեան 93-ամեակին առիթով Պոլսոյ «Կալաթա» աշտարակին մէջ բացուած է լուսանկարններու ցուցահանդէս։
Արա Գիւլերի մեկնաբանութիւններով 75 պոլիսեան լուսանկար ընդգրկող հաւաքածուին ցուցադրութիւնը բացուած է Օգոստոս 16-ին՝ լուսանկարիչին ծննդեան օրը։
Ցուցահանդէսը բաց պիտի ըլլայ մինչեւ Հոկտեմբերի վերջ։
Արա Գիւլեր ծնած է 1928 Օգոստոս 16-ին Պոլսոյ Պէյօղլու թաղամասին մէջ։ Աշխարհահռչակ պոլսահայ լուսանկարիչ–լրագրողը յայտնի է «Ստամբուլի աչք», «Ստամբուլի լուսանկարիչ», «100-ամեակի լաւագոյն լուսանկարիչ», «անգերազանցելի ֆոթոպատմաբան» կեղծանուններով։
Գիւլեր իր գործունէութեան ընթացքին լուսանկարած է այնպիսի հեղինակաւոր անձեր, ինչպէս՝ Ուինսթըն Չըրչըլ, Մարիա Գալաս, Ճոն Պերկըր, Պերդրան Ռասսէլ, Սալւատոր Տալի, Փապլօ Փիքասօ, Ինտիրա Կանտի եւ այլն։ Պոլսոյ մէջ գտնուող անոր հայրական տունը վերածուած է տուն–թանգարանի, իսկ առաջին յարկին վրայ գտնուող «Արա» սրճարանը նշանաւոր արուեստագէտներու հաւաքատեղի է։
Աւարտին յիշենք, որ Արա Գիւլեր մահացած է 2018 Հոկտեմբեր 17-ին եւ թաղուած Շիշլի թաղամասին մէջ գտնուող հայկական գերեզմանատան մէջ։