Նոյն օրը, դեսպանատան մէջ տեղի ունեցող Հայաստանի անկախութեան դարադարձին նուիրուած յետ պաշտօնական ըն դունելութեան, Ռ.Ա.Կ.ի պատուիրակները հանդիպում ունեցան Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց թեմակալ նոր առաջնորդին՝ Դանիէլ Ծ. Վրդ. Ֆընտըքեանի հետ հանդիպում-զրոյց մը: Ռ.Ա.Կ. Արեւելեան Ամերիկայի եւ Գանատայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկեր Գէորգ Մարաշլեան պաշտօնապէս շնորհաւորեց նորընտիր առաջնորդ հոգեշնորհ հայրը մաղթելով ամբողջական յաջողութիւն իր ազգանուէր եւ հոգեւոր գործունէութեան մէջ: Նիւ Եորքէն Յակոբ Վարդիվառեան յանձնառու եղաւ շարունակելու տասնամեակներու վրայ երկարող աւանդական այն բարի գործակցութիւնը որ Ռ.Ա.Կ. ու Թ.Մ.Մ. ունեցած են անխտիր գրեթէ բոլոր թեմակալ առաջնորդ հայրերու հետ:

Մայր Աթոռի հայաստանեան կարգ մը ղրջանակներէն ներս տեղի ունեցող աննախադէպ բողոքի արտայայտութիւններու մասին տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում եւ երկխօսութիւն:

Հայր Ֆընտըքեան անհրաժեշտութիւն նկատեց եկեղեցական հոգեւոր դաստիարակութեան ջամբումը մանաւա’նդ մեր նոր սերունդին ու երիտասարդութեան մօտ, զուգահեռ ազգային դաստիարակութեան: Ան ըսաւ թէ եկեղեցին ունի կատարելիք հոգեւոր ու քրիստոնէական առաքելութեան: Եկեղեցին պէտք չէ ըլլայ ամէն մարդու համար ամէն բան:

Նիւ Եորքի ազգային առաջնորդարանի կալուածին հետ կապուած օդային տարածքի իրաւունքի վաճառման եւ անոր հետ կապուած նիւթական այլ հարցերու մասին տուաւ կարգ մը տեղեկութիւններ, սակայն նկատողութեան յանձնեց որ այս ծրագիրը տակաւին կֆը մնայ սաղմային վիճակի մէջ եւ թէ տակաւին չկան յստակ եւ որոշակի վերջնական որոշումներ: Իբրեւ նորընտիր առաջնորդ կը փափաքի ժամանակ ունենալ խորապէս ուսումնասիրելու հարցերը:

Ան խոստացաւ շարունակել այն գործակցութեան յարաբերութիւնները զորս ունեցած են նախկին առաջնորդները, մանաւանդ Մեծագոյն Նիւ Եորքի մեր շրջանակին հետ: