Շնորհաւորութիւն՝ արդարաբար… գնահատանք՝ իրողապէս… երբ Կիրակի, 25 Փետրուարի երեկոյեան ականատես եղանք եւ ապրեցանք հիացմունքի ակնթարթեր ու հպարտացնող անմոռանալի գիշեր մը, ուր հայ պարը իրողապէս առաւ թեւ, առաւ թռիչք եւ ունեցաւ հիացիկ սլացք, մկրտուելու համար «ՆԱՅԻՐԵԱՆ ԾԱՂԿՈՒՆՔ» անունով, շնորհիւ «ԱՐԻՆ» Պարախումբի տպաւորիչ ելոյթին, որ տեղի ունեցաւ Էմիլ Լահուտի անունը կրող Համագումարներու պալատի ընդարձակ սրահին մէջ:
Հակառակ մի քանի առիթներով ծրագրուած որոշումներուն, Լիբանանեան հայրենիքէ ներս տեղի ունեցած քաղաքական, տնտեսական, ընկերային ու հասարակական իրաւ տագնապները միշտ ալ պատճառ հանդիսացած էին եւ յաճախ ալ կամքէ անկախ յետաձգուած էին «ԱՐԻՆ» Պարախումբի ակնդէտ սպասուած հրապարակային ելոյթները..:
Բարեբախտաբար… 2024 տարուան Փետրուարը հակառակ Լիբանանի հարաւին սպառնացող մարտահրաւէրներուն, երկրին ու մեր համայնքին համար այս տարուան գարունը կը խոստանայ հանդիսանալ մշակութային իրագործումները «խաչաձեւելու» միտուած եղանակ, կամ ժամանակաշրջան… երբ ազգային միութիւններ, կազմակերպութիւններ, պարախումբեր, թատերախումբեր, նուագախումբեր, երգչախումբեր, գրական ու երաժշտական խմբաւորումներ պատրաստուեցան ու տակաւին կը պատրաստուին լիբանանահայութեան ներկայացնել իրար գերազանցող հանդէսներ ու միջոցառումներ, զարմացնելով մարդ արարածը… թէ ուրկէ՞ այսքան ուժ, ուրկէ՞ այսքան կազմ ու խումբ, այսքան վառ տրամադրութիւն, այսքան նուիրում ու նաեւ այսքան «խենթութիւն»..:
Կասկած չկայ… այս բոլորը կու գան անգամ մը եւս փաստելու լիբանանահայ կառոյցներուն եւ լիբանանահայութեան ունեցած կենսունակութիւնը եւ իրողապէս մերժումը՝ արհեստական տեսակաւոր տագնապներն ու մարտահրաւէրները, որպէսզի շարունակէ՛ ապրիլ հայաստանամերձ այս սքանչելի գաղութը, հայակեդրոն կախարդող Պէյրութը… անտեսած ամէն արտաքին վտանգ ու անհաճոյ մտասեւեռում, որ կը սպառնայ Լիբանանին եւ մեր գաղութի գոյերթին:
Եւ արդարեւ… իմ արտայայտութեան տեսանելի ու խօսուն փաստն էր՝ «ԱՐԻՆ»-ը եւ իր ուրախացնող ու հպարտացնող այսօրուան պարային յաջող ելոյթը, որ հմայեց ակնդիրը կամ հանդիսատեսը՝ բանիւ եւ գործով… որ հրամցուեցաւ երեք օրերու վրայ՝ Ուրբաթ՝ 23, Շաբաթ՝ 24 եւ Կիրակի՝ 25 Փետրուարի օրերուն..:
Յայտագրին բովանդակութիւնը, պարային ճաշակն ու նրբութիւնը, պարողներու, մանաւանդ՝ առաջին հերթին իգական սեռի ներկայացուցիչներուն մօտ նշուարուած Նազելիութիւնը, Հեզաճկուն ու Հմայիչ թովչանքը, ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ՝ կեանքի յարատեւութիւնը աւետող նոր շողանք, երբ անոնք՝ պարուհիներ, մերթ սքանչացնող եւ մերթ սրտայոյզ ապրումներով, իրենց պարային նրբագեղութեամբ զուարթութիւն կը ներշնչէին հանդիսատեսին..:
Բեմահարթակի վրայ նշմարելի էր անոնց համապատասխան սլացիկ հասակները, փորձերու արդիւնքով արդէն ընտելացած դիւրաթեք ու ճկուն մարմինները, անշուշտ, անոնց պարարուեստի նկատմամբ ցուցաբերած տաղանդի շեշտուած գիծերն ու շարժուձեւերը՝ միանգամայն յատուկ չափուած ու ձեւուած շարժումներով, լաւագոյնս նպաստեցին (որոնք անհրաժեշտ են պարարուեստի պահանջուած պայմաններուն), որ նոր երանգ ստանայ բեմն ու խանդավառուի մշակութաբոյր այս եզակի երեկոն:
Իսկ տղաներու պարագային անոնց մերթ առնական հուժկու շարժումները, եւ մերթ ալ ազատ ու անկաշկանդ պարերը, կը հրամցնէին զուարթ ներդաշնակութիւն, առնչուած՝ երաժշտութեան ու բեմը յարդարող տեսարաններու ու լուսախաղերու հետ, ստեղծելով փոքրիկ Հայաստան մը Լիբանանի սրտին վրայ, եւ ներկաներու հոգիներուն մէջ:
Բնականաբար, պարախումբի մը համար անհրաժեշտութիւն համարուող թռվռուն թռիչքը, ձեռքերու ու մատներու դիւրաշարժ ճկունութիւնը, հնչած եղանակներու հետ քալող շարժումներու միասնական ու ներդաշնակ, առաւել՝ տպաւորիչ պատկերը հանդիսատեսի մօտ պիտի արթնցնէին հիացում, քնքշանք ու զուարթութիւն, ինչ որ իրապէս տեսանք, ինչ որ արժանացաւ բուռն ծափահարութեանց..:
Ապա, մանաւանդ այս բոլորի վրայ եթէ աւելցնենք գեղեցիկ, բացառիկ, գունագեղ ու ճաշակաւոր զգեստաւորումն ու տարազները, որ իրապէս ունի՛ եւ ունեցաւ իր դերն ու տեղը պարախումբի ներկայացուցած աղու ու երկա՜ր երկա՜ր յիշուելիք համոյթին մէջ… որոնք ընտրուած էին «համով ու հոտով» մանաւանդ՝ բարձրաճաշակ ու իւրաքանչիւր պարի յատուկ..:
Արուեստաբոյր այս երեկոն տեսնելէ, դիտելէ եւ անգամ մը եւս համոզուելէ վերջ, կրնամ անվարանօրէն ըսել, որ «ԱՐԻՆ»-ը կամաց կամաց արդէն կը շրջանցէ իր սիրողականի երէկէն եկող հանգամանքը եւ կը պատրաստուի… (ու արդէ՜ն պատրաստ) իր անունն ու քայլերը նետել կիսարհեստավարժ մակարդակի բարձրութեան… գերազանցելով անցեալն ու երէկը՝ աներկբայօրէն..:
Արդարեւ, գնահատելէ ետք ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը, ՀԵԸ-ի Մշակութային Յանձնախումբը, «ԱՐԻՆ» Պարախումբի վարչութիւնն ու հոգատար տիկիններու անխոնջ փունջը, բեմահարթակ բարձրացած բոլոր պարող տղաներն ու աղջիկները, պարմաններն ու պարմանուհիները, երիտասարդներն ու երիտասարդուհիները, ապա, այսու մասնաւոր շնորհաւորանք ու գնահատանք կ’ուզեմ տալ այն ազնիւ անձին, որ իրապէս հանդիսացաւ այս ելոյթին ու ընդհանրապէս խումբին տեսանելի հոգին, «ԱՐԻՆ»-ին մարմին ու ձեւ տուող արուեստագէտը՝ Պարուսոյց եւ Գեղարուեստական տնօրէն Ժիրօ Քէչէճեանը, ու անմիջապէս յետոյ իր օգնական՝ շնորհալի պարուսոյց ու պարող Խաչիկ Քէչէճեանը, այս լուրջ ու խնամուած աշխատանքի, երկար ժամանակ, մեծ յոգնութիւն եւ առատ քրտինք պահանջող հսկայ գործը յաջողապէս հրամցնելնուն համար:
Նման յաջողութիւն մը հնարաւոր կ’ըլլար անշուշտ, եթէ բացառաբար գտնուէր տրամադրութիւն, կամք, լաւագոյնին ձգտելու ազնիւ նպատակ եւ յատկապէս՝ սէր: Բարեբախտաբար, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան բարի հովանին վայելող Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւնը ունեցաւ այս բոլորը եւ փաստեց, թէ «ԱՐԻՆ»-ի պարագային «ԿԱՄԵՆԱԼԸ՝ ԿԱՐԵՆԱԼ Է»…:
Եւ արդարեւ, ունենալէ եւ մէկտեղելէ ետք հաւատք, յոյս ու անմնացորդ սէր, ճախրեց «ԱՐԻՆԸ» եւ…կաքաւեց… որուն շարժումներուն ու ճախրանքին հետեւեցաւ ինքը՝ Արինը՝ վերէն… խումբին մաղթելով յարատեւութիւն.. եւ աւելի թռիչք ու ճախրանք…:
ԿԵՑՑԵ՛Ն..:
ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ