Բրիտանական Enterprise Times-ը Երեւանը կը ներառէ ՏԱ ոլորտին մէջ ասպարէզի լաւագոյն հնարաւորութիւններ ընձեռնող քաղաքներու շարքին

Բրիտանական գործարար արհեստագիտութեան Enterprise Times portal-ը ներկայացուցած է տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտին մէջ ասպարէզի լաւագոյն հնարաւորութիւններ ընձեռող 10 քաղաքներու ցանկը, ուր յայտնուած է նաեւ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանը:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենեփրես»-ը, կայքի ներկայացուցած ցանկին մէջ Երեւանը 4-րդն է:

«Հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ 2025-ին Հայաստանի մէջ ծրագրաւորողներու պահանջարկը պիտի աճի 3 անգամ` հասնելով մինչեւ 30 հազարի: Ատիկա մեծապէս կախուած է նորարարութեան եւ արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ պարբերաբար արձանագրուող աճով: Այս ոլորտը մէկ տարուայ ժամանակահատուածին 20 տոկոս աճ  կ՛արձանագրէ` առանց դանդաղելու  նշաններու: Եթէ դուք նախապէս չէք ծրագրած տեղափոխուիլ այս երկիր, ապա հիմա կարելի է մտածել այդ ուղղութեամբ: Այստեղ ապրուստն աժան է, յանցաւորութեան մակարդակը ցած, մշակոյթը` հարուստ: Այս պահուն հիմնական լեզուները հայերէնն ու ռուսերէնն են, սակայն անգլերէնը երթալով աւելի մեծ տարածում կը ստանայ»,- կը գրէ կայքը:

Տասնեակին առաջին տեղը կը գրաւէ Սան Ֆրանսիսքոն, երկրորդը` Նիւ Եորքը, երրորդը` Օսթինը: Հինգերորդը Սինկափուրն է, որուն կը յաջորդեն Մելպուռնը, Լոնտոնը, Սթոքհոլմը, Պանկալորը: Տասնեակը կ՛եզրափակէ Թորոնթոն: