Գանատահայոց Առաջնորդ Գերշ. Աբգար Սրբազան Յովակիմեանի Տարեվերջի Աւանդական Ընդունելութիւնը

Այս տարի եւս, Շաբաթ՝ 15 Դեկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6-ին, Գանատահայոց առաջնորդարանի գլխաւոր դահլիճը լեցուն էր գաղութի տարբեր կազմակերպութիւններէն՝ եկեղեցւոյ տարբեր մարմիններու, տարբեր միութիւններու ներկայացուցիչներով եւ անհատ հիւրերով որոնք եկած էին ընդառաջելով Գանատայի Հայոց թեմի Առաջնորդ Տէր Աբգար Եպս. Յովակիմեան Սրբազան հօր տուած հրաւէրին, նոր  տարուայ նախաշեմին:

Այս գեղեցիկ աւանդութիւնը հաստատուած է եւ կը շարունակուի երեք տարիներէ ի վեր: Այս պատեհ առիթ մըն է, երբ գաղութի պատասխանատուները Սրբազան հօր հովանաւորութեամբ, առաջնորդարանի յարկին տակ, քով քովի գալով կը ջերմացնեն իրենց բարեկամական կապերը եւ կամրապնդեն մէկ ազգ, մէկ ժողովուրդ, մէկ հայրենիք գաղափարը եւ որպէս մէկ ընտանիքի զաւակներ կը կիսեն անցեալի փորձառութիւնները եւ ապագայի ծրագիրները:

Նոր եւ հին ծանօթութիւններ, մտերմիկ խօսակցութիւններ, մտահոգութիւններ, նոր ծրագիրներու գաղափարներ, երկար բացակայութիւնէ ետք հանդիպումներ… մէկ խօսքով հարազատ բառի սահմանումի ամբողջական ցոլացումը կը գտնենք այնտեղ:

Երեկոյթի սկզբնաւորութեան, Սրբազան Հայրը, շրջապատուած Մոնթրէալի եւ Լաւալի շրջանի իր հոգեւորականց դասով դահլիճէն մուտք գործեց եւ իր օրհնութեան եւ բարի մաղթանքներու խօսքերէն ետք, իր հայրական ջերմ խօսքերը փոխանցեց ներկաներուն:

Ինչպէս միշտ վայելած ենք Սրբազան Հօր ժպտալից դէմքը եւ իր հայրական մօտեցումը, այս անգամ եւս ան իր ջերմագին բարի գալուստի խօսքերէն ետք, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն եւ իրենց ներկայացուցած տարբեր մարմիններուն, կազմակերպութիւններուն, կուսակցութիւններուն, Միութիւններուն, ինչպէս նաեւ անհատներուն: Ապա յետդարձ հայեացքով մը իր գնահատականը կատարեց առաջնորդարանին եւ գաղութի միամեայ գործունէութեան եւ յոյս  եւ կորով մաղթեց, որ յաջորդ տարին նոյնպէս ըլլայ լեցուն բեղուն եւ յաջող գործունէութեամբ: Այս առիթով յատուկ կերպով գնահատեց Տօքթ. Արթօ Տէմիրճեանի զոյգ զաւակներու մեկենասութիւնը, որոնց շնորհիւ դարձեալ հրատարակուած է Սուրբ Պատարագի գիրքը իրենց հանգուցեալ մօր յիշատակին:

Սրբազան հօր խօսքէն անմիջապէս ետք ներկաներէն քանի մը հոգիներ փափաքեցան իրենց կարգին իրենց սրտի խօսքը փոխանցել Սրբազան հօր եւ ներկաներուն: Տեղին է յիշել Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանի սրտի խօսքը, ուր ան բարձր գնահատեց Սրբազան հօր բացառիկ գործունէութիւնը, հսկայատարած Գանատայի ամբողջ տարածքին երկարող բազմաթիւ ծուխերու վերահսկողութեամբ: Սրբազան հայրը առանց յոգնիլ գիտնալու գաղութէ գաղութ կը շրջի եւ կը հետապնդէ գաղութի հարցերը եւ իր խոհեմ որոշումներով կ’առաջնորդէ գանատահայոց թեմը:

Իրենց սրտի խօսքը յայտնեցին նաեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ նորանշանակ հովիւ Տէր Դաւիթ Քհնյ. Մարգարեան ե Ս. Խաչ եկեղեցւոյ երկարամեայ հոգեւոր հովիւ Տէր Կոմիտաս Քհնյ. Միրզախանեան: Նոյնպէս Ս.Դ.Հ.Կուսակցութեան կողմէ խօսք առաւ Պրն. Գրիգոր Թաթուլեան:

Ներկաներուն մէջ էր նաեւ, գաղութի ծանօթ դէմքերէն՝ Մոնթրէալի քաղաքապետարանի խորհրդական Տիկ. Մարի Տէրոսը: Ան նաեւ շնորհաւորեց ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր իր այս կազմակերպած գեղեցիկ միջոցառման համար, ապա ներկաներուն տեղեկացուց որպէս բարի լուր, թէ որպէս օրէնք ընդունուած է քէպէքի վարժարաններու ուսումնական ծրագրին մէջ ներառել Ցեղասպանութեան նիւթը որպէս դասանիւթ եւ թէ մօտ ապագային այդ պիտի կիրառուի եւ այսպիսով Քէպէքի ժողովուրդը աւելի մօտէն եւ ճիշդ կերպով պիտի ծանօթանայ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան:

Խօսքերու այս փոխանակումէ ետք, ներկաները հիւրասիրուեցան եկեղեցւոյ եւ առաջնորդարանի տիկնաց յանձնախումբի կողմէ պատրաստուած հարուստ եւ համեղ ուտելիքներով լեցուն սեղանի մը շուրջ, ուր անոնք մէկ կողմէ ճաշակելով եւ կենացներ փոխանակելով իրար բարի մաղթանքներ կը փոխադարձէին:

Իսկապէս հոգեկան մեծ բաւարարութիւն մըն է Գանատահայոց Առաջնորդարանի երթիքին տակ գտնուիլը Սրբազան Հօր հովանաւորութեամբ եւ նման անձերու ներկայութեամբ: Մենք ալ մեր կարգին մեր բարի մաղթանքները կը փոխանցենք բոլորին եւ յատկապէս Սրբազան Հօր, որ նոյն թափով շարունակէ իր սուրբ առաքելութիւնը եւ մերթ ընդ մերթ մեզ հաւաքելով առաջնորդէ դէպի նորանոր յաջողութիւններ:

Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Սուրբ Ծնունդ:

Ներկայ մը