Գանատահայոց Թեմին Կալուածային Յաջող Իրագործումը

Թորոնթոյի Հ.Բ.Ը.Մ.-եան Ալեք Մանուկեան Կեդրոնի

Վաճառման Տագնապին Արդար Հաշուեյարդարը

 

Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան

 

Թորոնթոյի Հ.Բ.Ը.Մ.ի Ալեք Մանուկեան Կեդրոնի սկզբնական վաճառքի լուրը օտար սեփականատիրոջ, ցնցեց ամբողջ Գանատահայ համայնքը:
Նախանցեալ մեր թիւով հրատարակեցինք Թեմի Յայտարարութիւնը թէ ի վերջոյ ան յաջողած է, ինք
գնել զայն Հ.Բ.Ը.Մ.էն:
Ստորև Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան վերլուծումով մը կանդրադառնայ վաճառքին հետ առնչուող սկզբունքային և պատմական տուեալներուն: Ան իր ունեցած ազգային տարբեր հանգամանքներովը լաւագոյն դիրքին վրայ կը գտնուի կարենալ մանրամասնօրէն լուսաբանելու այս խնդիրը Ան Թեմին գլխաւոր դէմքերէն մէկն է, որպէս անոր հիմնադիրներէն մէկը, անոր բազմամեայ առաջին Թեմական Խորհուրդի Ատենապետը և այսօր անոր Պատուոյ Ատենապետը, միւս կողմէ ալ, ան անցեալին Ալեք Մանուկեան Կեդրոնին իրականացումը յաջողցնողներէն մէկն է իբրև մտերիմ և վստահելին բարերար Ալեք Մանուկեանին և ՀԲԸՄ.ի Կեդրոնական Վարչութեան երկարամեայ անդամ և Փոխ Նախագահ և այսօր՝ անոր Վաստակաւոր (Emeritus) Անդամը:
Թորոնթոյի գաղութը կալուածային կորուստի մեծ տագնապէ մը մազապուրծ եղաւ երբ յաջողեցաւ կալուածին տիրանալ ի գին մեծ զոհղութեանց:
իսկ այս լուրջ տագնապին պատասխանատուներէն կսպասուի որ գաղութին պատմութեան առջև կանգնած ներկայացնեն իրենց համարատուութիւնը:
                                                                                                                             Խմբ.

 

Վստահաբար նորութիւն պիտի չըլլայ ընթերցողին համար մեր գաղութային պատմութեան վերջին շրջանին վերաբերեալ ազգային այս նոր տագնապին առիթով անգամ մը եւս, կարդալ եւ իմանալ իմ արտայայտութիւնս իբրեւ այդ տարիներուն գործող անմիջական վկայ եւ կեդրոնական դերակատարներէն մէկը: Այս անգամ եւս կը գրեմ գաղութային լուրջ հարցերով հետաքրքիր մեր ընթերցողներուն փոխանցելու համար վերլուծողական տեղեկութիւններ եւ այդ առիթով կատարելու խորհրդածութիւններ որպէսզի այս վերջինները իրենց կարգին մասնակից եւ օգտակար դառնան ստեղծուած լուրջ հարցերուն գիտակից քննարկման և արդար լուծման:

Ծանօթ է թէ անցնող քանի մը ամիսներուն ընթացքին զգայացունց նոր տագնապ մը ստեղծուեցաւ երբ անակնկալ եւ ցնցիչ լուրը ծանուցուեցաւ թէ Թորոնթօ-ի 930 Progress Avenue հասցէն կրող  Հ.Բ.Ը.Մ.-եան Ալեք Մանուկեան փառահեղ կեդրոնը գրեթէ ծախուած էր օտար կազմակերպութեան մը:

Այս լուրը աւելի եւս ցնցիչ էր որովհետեւ այդ կալուածը մեծագոյն մասը կը կազմէր ազգային խոր նշանակութիւն ունեցող մեծ համալիրի մը որուն միւս բաժնին վրայ կանգնած է Հայ. Առաք. Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ կառոյցը իր յարակից շէնքով, իսկ այդ տարածքին մէջտեղ կանգնած է Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած տպաւորիչ յուշարձան մը: Այս բոլորը իրագործուած էին աւելի քան երեք տասնամեակներ առաջ, ամբողջ գաղութի ջանքերով եւ մասնակցութեամբ:

Այդպէս ուրեմն, այս մեծ տագնապը կը սպառնար առաջնորդել  Գանատայի մէջ մեր ազգային գոյատեւման օգնելու սահմանուած եւ ազգային խորունկ գիտակցութեան իբրեւ արդիւնք իրագործուած՝  գեղեցկագոյն, եւ խոշորագոյն կեդրոններէն մէկը, անվերադարձ անհետացման եւ կորստեան:

Արդարեւ 1980-ական տարիներուն էր որ իրագործուած էր այս տպաւորիչ կոթողը շնորհիւ ազգային իմաստուն եւ անզուգական բարերար Հ.Բ.Ը.Մ.-եան  հանգուցեալ Ցկեանս Նախագահ Ալեք Մանուկեանի նիւթական եւ բարոյական մեծ զօրավիգին, ինչպէս նաեւ Թորոնթոյի Հ.Բ.Ը.Մ.-եան  եւ Հայ. Առաք. եկեղեցւոյ  բազմահարիւր հաւատաւոր անդամներու բարոյական եւ մեծ ու փոքր նիւթական նուիրաբերումին:

Այդ օրերուն, արագօրէն զարգացող Գանատայի մեծագոյն այս գաղութին մէջ, ազգային գոյատեւման սատարելիք հաստատուն բերդ մը ստեղծելու համար խիստ պայքար մղողներուն բոլորին երազանքը եւ տեսիլքը, ուր ես եւս պարագաներու բերմամբ կեդրոնական դերերէն մէկը կատարեցի, այսպիսով  ի թերեւ կ’ելլէին:

Բարեգործականի այսօրուայ պատասխանատուները այս կալուածը օտարին վաճառելու քայլը առած էին առանց լուրջ խորհրդակցութեան:

Մինչ գիտենք թէ դժբախտաբար , ծանօթ նախընթացներու օրինակով,  այսպիսի տագնապներու վախճանը տխուր կ’ըլլայ ընդհանրապէս, այս անգամ սակայն հրաշքի համազօր զարգացումով մը, եւ իսկութեան մէջ շնորհիւ Գանատահայոց Թեմի գիտակից եւ նուիրեալ ղեկավարութեան մեծ ջանքերուն՝ պարագան եղաւ հակառակը:

Անցնող օրերուն Գանատահայոց Թեմը իր պաշտօնական յայտարարութեամբ ծանոյց թէ, բարեբախտաբար եւ որոշ յաջող գործառնութեանց շնորհիւ, յաջողած է չէզոքացնել եւ կասեցնել կալուածին օտար կազմակերպութեան մը վաճառքը եւ փոխարէնը, օրինական կարգով եւ ի հաշիւ նիւթական անխուսափելիօրէն լուրջ պարտաւորութեան մը տակ մտնելու, յաջողած է տէր կանգնիլ կալուածին, զայն Թեմին անունով գնելով ուղղակի Հ.Բ.Ը.Մ.ենէն:

Այսպէսով, երեք ամիս առաջ, բոլորովին անտեղիօրէն ստեղծուած այս տագնապին առաջքը առնուած է այսօր:

Սակայն կալուածը փրկելու առաջին հանգրուանը անցնելէ ետք բնականաբար հիմա Հ.Բ.Ը.Մ.-իւնը եւ Հայ. Առաք. եկեղեցւոյ ղեկավարութիւնը պարտաւորութեան առջեւ կը գտնուին իրենց հաշուետուութիւնը տալու այս բոլորին մասին՝ անդամակցութեան եւ անկէ դուրս նաեւ ամբողջ գաղութին եւ ազգին:

Անհրաժեշտ է մանաւանդ հաշուեյարդարը կատարելու այս իրարայաջորդ եւ ցնցիչ ու արտասովոր գործառնութեանց եւ անոնց տուն տուող պատճառներուն եւ հետեւանքներուն:

930 Progress Avenue հասցէով Հ.Բ.Ը.Մ.-եան Ալեք Մանուկեան Կեդրոն անունը կրող բաժինը այս համալիրին, կը պարփակէր բազմաթիւ ստորաբաժանումներ, որոնց կարգին շքեղ հանդիսասրահ մը, մեծ մարզասրահ մը, ակումբային եւ մշակութային գործունէութիւններ գործադրելու սահմանուած դիւրութիւններ եւ գրասենեակներ ինչպէս նաեւ ամբողջ նախակրթարանի մը շէնքը: Այս բոլորը 1980ական թուականներուն, Հ.Բ.Ը.Մ.-ը ստեղծեց մեծ զոհողութիւններով, բնականաբար իր գաղութային առաքելութիւնը ներկայացնող ուրոյն աշխոյժ գործունէութիւնը բաւարարելու նպատակով:

Առաջին հերթին եւ որպէս Հ.Բ.Ը.Մեան Գերագոյն ղեկավարութեան բազմատասնեակ տարիներով  մաս կազմած անձ, խոր մտահոգութեամբ եւ կարեւորութեամբ է որ հարց կու տամ թէ անցեալի այդ աշխոյժ գործունէութիւնը որքա՞ն, թուլցած է այսօր որ ակնյայտօրէն եւ կարեւոր չափով պահանջը չզգացուիր այլեւս ունենալու վաճառուող կեդրոնին այդ դիւրութիւնները:

Թորոնթոյի գաղութը ընդհանրապէս՝ այսօր նոյնքան աշխոյժ է որքան էր անցեալին եւ նոյնանման մրցակից կազմակերպութիւններ ուժգնութեամբ կը շարունակեն իրենց կրթական մշակութային, մարզական եւ այլ գործունէութիւնները: Օրուան Բարեգործականի ղեկավարութիւնը պատասխանատու է եւ դարման պէտք է գտնէ այս անբաղձալի կացութեան:

Նոյն հանգամանքով եւ արձագանգելով այս օրերուն կատարուող բազմաթիւ արտայայտութիւնները անխուսափելի զուգահեռ մը կը տեսնուի այսօրուան Թորոնթօ-ի Ալեք Մանուկեան Կեդրոնի վերացման եւ աւելի քան տասնամեակ մը առաջ Մելգոնեան պատկառելի հաստատութեան կասեցման եւ այդ ժամանակ անոր հետեւանքով ստեղծուած ցնցումներուն միջեւ:

Մելգոնեանի փակման որոշման ժամանակ, արխիւները պէտք է ցոյց տան թէ իմ ստորագծուած տեսակէտս էր որ պէտք էր նախ ապահովել եւ իրագործել այդ կենարար հաստատութեան փոխարինող լուրջ համապատասխան ծրագիր մը եւ միայն անկէ ետք, եթէ պետք էր, անհրաժեշտ էր դիմել փակման նախաձեռնութեան: Այսօր փակ է Մելգոնեանը եւ թանկարժէք այդ կալուածը կը մնայ ամուլ եւ անօգուտ:

Բնականաբար, Թորոնթօ-ի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի անդամակցութիւնը կ’ակնկալէ թէ Բարեգործականի ղեկավարութիւնը, իր այսօրուայ  դեռեւս թոյլ սակայն որոշ չափով գոյութիւն ունեցող գործունէութեան համար, պէտք է տակաւին ապահովէ նոր կեդրոն մը: Ո՞ւր եւ որքան կարեւոր պիտի ըլլայ այդ կալուածը Թորոնթօ-ի նման կալուածային գերարժեւորուած քաղաքի մը մէջ: Մանաւանդ ինչո՞վ երաշխաւորուած է որ այդ քայլը պիտի իսկապէս իրագործուի եւ չ’արժանանայ Մելգոնեանի ճակատագրին:

Յաջորդ հարցադրումը կը բխի այն նկատումէն թէ ինչ որ ալ ըլլայ նախատեսուած այդպիսի նոր կալուածի մը տարողութիւնը, եւ երբ որ ալ ըլլայ անոր իրագործումը, անխուսափելիօրէն ան պիտի ըլլայ մէկ փոքր կոտորակը Թորոնթօ-ի ամէնածանօթ 401 Highway-ի վրայ՝ հրաշալի դիրքի վրայ գտնուող Ալեք Մանուկեան Կեդրոնին: Անշուշտ հակառակը պիտի ըլլար բոլորովին անիրատես եւ անտրամաբանական: Այս անխուսափելի իրողութիւնը կ’առաջնորդէ հետեւեալ պատկերին:  Հ.Բ.Ը.Մ.-ի կողմէ կատարուած այս վաճառքին նիւթական հետեւանքը այն է թէ ի վերջոյ այսօր Բարեգործականը ստացած է վաճառքի մեծագումար արժէքը: Ճշգրիտ այդ գումարը գիտնալով հանդերձ առ ի պատշաճութիւն պատկան մարմիններուն կը թողում անոր բացայայտումը: Որոշ է թէ այդ մեծ գումարը ի  վերջոյ այսօր վճարուած է Գանատահայոց Թեմին կողմէ որ կը նկատէ այս վերջնոյն նիւթական համապատասխան ծանր պարտաւորութիւն մը ստանձնելը, պարզապէս փրկելու համար պատկառելի Ալեք Մանուկեան համալիրի ամբողջականութիւնը, եւ զայն սեփականութիւնը պահելու համար Գանատահայ գաղութին: Նոյնպէս, անվիճելի իրականութիւնը այն է թէ Հանգուցեալ Ալեք Մանուկեանի եւ Թորոնթօ-ի յայտնի նուիրատու ազգայիններու մեծագոյն հոյլին կեդրոնական նպատակը եւ կամքը այն ժամանակ եղած է ազգային եկեղեցական պատկառելի համալիրի մը իրագործումը: Ահա այս ցայտուն իրականութիւնը նկատի առնելով է որ ես անձնապէս, եւ յոյսով եմ թէ ինծի կը միանան թէ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի եւ թէ Գանատահայոց Թեմին Գերագոյն պատասխանատու ղեկավար դիրքերու մէջ գտնուողները, բարոյական պարտականութիւն պէտք է նկատենք Բարեգործականին համար, որ վաճառքի այս մեծ գումարէն մէկ կարեւոր բաժինը ան արդարօրէն եւ ազնուօրէն նուիրէ Գանատահայոց Թեմին, մէկ կողմէ թեթեւցնելու համար անոնց ստանձնած նիւթական ծանր բեռը եւ միւս կողմէ յարգելու համար նուիրատուներու յիշատակը եւ կամքը: Յատկապէս Ալեք Մանուկեան Կեդրոնին վաճառքով փլուզուած պէտք է նկատել նոյնինքն բարերարին երազը՝ ազգային եկեղեցական համալիրի մը, անոր աւերիչ հետեւանքներովը մեր համանքային կեանքին: Իսկ ամենէն կարեւորը, վերեւը տրուած տուեալներուն լոյսին տակ, այսօրուան Հ.Բ.Ը.Միութեան ղեկավարութիւնը պարտաւոր է բացատրութիւն մը տալու որ համալիրին մէջէն վերցնելով անոր նիւթական արժէքը, որոշակի կերպով, ի՞նչ նպատակի պիտի օգտագործէ կալուածի վաճառքէն յառաջացած գումարը:

Բարեբախտութիւն պէտք է նկատենք որ պարագաներու բարեբախտ դասաւորումով, Ալեք Մանուկեան համալիրին կալուածային ամբողջականութիւնը ապահովուած է այսօր: Ի սէր արդարութեան անհրաժեշտ կը նկատենք հիմա նաեւ որ, այս ազգային մեծ նշանակութիւն ունեցող կալուածը առանց բաւարար խորհրդակցութեան վաճառքի հանած ըլլալու զանցառումը մասամբ դարմանուի վերեւը առաջարկուած բարեկամեցողութեան ժեսթով: Տեղին է անշուշտ վերջապէս, որ այս պատշաճ կարեւոր նախաձեռնութիւնը հովանաւորուի եւ դիւրացուի նոյն ինքը Ամենայն Հայոց Հայրապետին կողմէ: