Գանատահայոց Թեմի 37-րդ Պատգամաւորական Ժողով Մայիս 29. 2021

Մատաթ Բ. Մամուրեան

Գանատահայոց Թեմի 37-րդ Պատգամաւորական Ժողովը տեղի ունեցաւ Շաբաթ՝ 29 Մայիս  2021-ին, կէսօրուայ ժամը 12.00-ին: Համաճարակի ստեղծած անբնական պայմաններուն բերումով, ժողովը կայացաւ Zoom հարթակի միջոցաւ, նախագահութեամբ թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Ս. Եպս. Յովակիմեանի, մասնակցութեամբ թեմիս հոգեւորականներուն եւ ութը եկեղեցիներու պատգամաւորներուն:

Ժողովը ընթացաւ ըստ իր օրակարգին օրուան դիւանի ատենապետութեամբ՝ Պրն. Ժան Ֆիլիփ Թաշճեանի (Օթթաուայէն) եւ ատենադպրութեամբ Տ. Միւռոն Քհնյ. Սարգիսեանի (Միսիսոկայէն-հայերէն) եւ Տիկ. Հիլտա Թուրշուճույեան-Չաքարի (Լաւալէն- անգլերէն), ապա Արժ. Տ. Դաւիթ Քհնյ. Մարգարեան ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գ արեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեան եւ բարեմաղթանքի խօսքերը. Նաեւ տեղին է յիշել, որ սոյն առթիւ ողջոյնի նամակ ուղարկած էր Գանատայի դաշնակցային կառավարութեան վարչապետ Ն.Վ. Ճասթին Թրուտօն:

Առ ի ամփոփում 2019-2020 Թեմական գործունէութիւններուն՝ պատգամաւորներուն ուշադրութեան յանձնուեցաւ Տարեկան Զեկոյցի գրքոյկն ու Տարեգիրքը հայերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով:

Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան, ամփոփ կերպով ներկայացուց հոգեւորականաց ժողովի տեղեկագիրը: Նաեւ ներկայացուեցան Առաջնորդարանի հովանիին ներքոյ գործող յարակից մարմիններու՝ Տիկնանց Կեդրոնական Վարչութեան (WGCC), Հայաստանի Երեխաներու Հիմնադրամի (CFFA), Կատարողական Արուեստներու Գանատահայ Ընկերակցութեան (CAAPA), Արարատ ճամբարի, ինչպէս նաեւ Դիւանապետի եւ Թեմի Մնայուն Հիմնադրամի տեղեկագիրները:

Առաջնորդարանի դիւանապետ Պրն. Լեւոն Իսախանեան ներկայացուց, գրասենեակային իր աշխատանքները: Թեմական խորհուրդի տեղեկագիրը ներկայացուց Ատենապետ Պրն. Օհան Օհաննէսեան ներկայացուեցաւ Աւանդապահ Մարմնի տեղեկագիրը:

Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Սրբազան ներկայացուց իր տարեկան հաշուետուութիւնը, ըսելով՝ «Այս տարուայ Թեմական ժողովը տեղի կ’ունենայ տարբեր բնոյթ մը ունենալով: Պսակաժահր (Covid-19) համաճարակի ազդեցութիւնն ի յայտ է մեր առօրեայ կեանքի, ինչպէս եւ՝ թէ անձնական, թէ պաշտօնական մակարդակներով հաղորդակցութեան եղանակներուն վրայ: Թոյլ տուէք սկսիմ շնորհաւորելով մեր Թեմական Մայր եկեղեցւոյ ծուխին, իր Ոսկէ Յոբելեանի առիթով, այն, որ նախատեսուած էր միասին նշէինք 2020 թուականին: Առիթէն օգտուելով, կը ցանկանայի նշել նաեւ Թեմի յարակից ՝ «Հայաստանի Երեխաներու հիմնադրամ»-ի 30-ամեակը»:

Խօսքի աւարտին շնորհակալական խօսք ուղղեց Վեհափառ Հօր, թեմիս հոգեւոր դասին, թեմական խորհուրդին, Ծխական խորհուրդներուն- պատգամաւորներուն եւ յարակից մարմիններուն  որոնք կարեւոր յենակէտեր եւ սիւներ են Գանատահայութեան կեանքէն ներս:

Մեր գնահատական խօսքը կ’ուղղենք նաեւ մեր բարերարներուն, որոնք կը հաւատան մեր առաքելութեանը: Եւ եզրափակելով՝ մեր անսահման սէրն ու յարգանքը հաւատաւոր մեր ժողովուրդին, որուն համար կ’ապրինք եւ կը գործենք:

Հաշուեքննիչ Յանձնախումբի տեղեկագիրը ընթերցեց Տիկ. Տիանա Պօղոսեան, հաշուապահ Պրն. Ժան Սաթուրի ներկայացուց նիւթական (2019-2020) տեղեկագիրը եւ 2021-ի նախահաշիւը: Գնահատանքի Յանձնախումբի տեղեկագիրը ընթերցեց Պրն. Մատաթ Բ. Մամուրեան:

Թեմական խորհուրդի անդամներ նշանակուեցան՝ հոգեւորականներէն Տ. Գեղարդ Ա. Քհնյ. Կարապետեան, Պրն. Ռիչարտ Եղիայեան, Պրն. Արամ Իշնար եւ Պրն. Պետրոս Չինչինեան, կալուածոց մարմնի անդամներ նշանակուեցան Պրն. Մատաթ Բ. Մամուրեան եւ Յակոբ Սէրայտարեան, տեղի ունեցան նշանակումներ, հաշուեքննիչ եւ ընտրողական յանձնախումբերու:

Որոշուեցաւ Պատգամաւորական 38-րդ ժողովը գումարել Մոնթրէալի Ս. Գրիգոր Առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ համայնքի հիւրընկալութեամբ, Մայիս 27-29, 2022-ի շաբաթավերջին:

Իր փակման խօսքին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց դիւանի Ատենապետը եւ զոյգ ատենադպիրները, թեմական խորհուրդի շրջանաւարտ անդամները, Պրն. Օհան Օհաննէսեան, Ժան Սաթուրի եւ Ստեփան Էքմէքճեան իրենց ծառայութեանց համար, շնորհաւորեց թեմականի նոր անդամները եւ մասնակից պատգամաւորները:

Ժողովը վերջ գտաւ Առաջնորդ Հօր «Պահպանիչ»ով:

Աւարտին յիշենք, որ 28 Մայիս 2021-ին, նոյնպէս առցանց տարբերակով, տեղի ունեցաւ Գանատահայոց Թեմի Հոգեւորականաց դասի հերթական ժողովը, նախագահութեամբ՝ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Աբգար եպիսկոպոս Յովակիմեանին: Ժողովի ընթացքին քննարկուեցան Թեմական Պատգամաւորական ժողովի, ինչպէս նաեւ Թեմի հոգեւոր ծառայութիւններու հետ առնչուող հարցեր: