Գանատայի Օնթարիոյի խորհրդարանին մէջ առաջարկած են Թուրքիան հեռացնել ՆԱԹՕ-էն եւ Ճանչնալ Արցախը

Գանատայի Օնթարիօ նահանգի Օրէնսդիր ժողովի անդամները ի աջակցութիւն Արցախին առաջարկով հանդէս եկած են:

Օնթարիոյի Օրէնսդիր ժողովի անդամները առաջարկած են Թուրքիան հեռացնել ՆԱԹՕ-էն եւ քննարկել Արցախի Հանրապետութիւնը ճանչնալու հարցը:

Օնթարիոյի նահանգային խորհրդարանի անդամները իրենց խոր մտահոգութիւնը յայտնած են Արցախի մէջ տիրող հակամարտութեան առնչութեամբ եւ համերաշխութիւն յայտնած են Օնթարիոյի հայկական համայնքին՝ խաղաղ կարգաւորման կոչ ընելով։ Անոնք խիստ քննադատած են Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը: