Քուէյթահայ գործարար, հրապարակագիր Կիրակոս Գույումճեան Հայաստանի եւ Արցախի տնտեսութիւնը աւելի բարգաւաճ դարձնելու նպատակով, հանդիպումներու շարք մը ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարի, հայրենի պատասխանատուներու, գործարարներու եւ մամուլի ներկայացուցիչներու հետ:
Կիրակոս Գույումճեան՝ քննարկումներուն ընթացքին՝ ներկայացուց նախաձեռնութիւն մը զբօսաշրջիկներուն եւ ժամանակաւոր կեցութեամբ Հայաստան ու Արցախ այցելողներուն, որն է՝ թելադրել տեղական շուկայէն կատարել իրենց անմիջական գնումները, նաեւ նկատի ունենալով հայրենի շուկային մրցունակ գիները եւ ապրանքներուն բարձր որակը:
Կիրակոս Գույումճեան համոզուած է, որ առեւտուրի զարգացման ճանապարհով պիտի ձեւաւորուին փոքր տնտեսութիւններ եւ զարկ պիտի տրուի հայրենական արտադրութեան:
Կոչ կ՛ըլլայ իւրացնելու Կիրակոս Գույումճեանի՝ «Գնեցէք Հայաստանէն –Shop in Armenia» նախաձեռնութիւնը՝ սատարելու համար հայրենիքի տնտեսական վերելքին եւ հայրենաշինութեան: