Սուրիոյ մշակոյթի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ 9 Օգոստոսին Դամասկոսի «Ապու Ռըմաննէ» մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Նորա Արիսեանի «Արաբերէնի եւ հայերէնի առնչութիւնները» նիւթով դասախօսութիւնը: Ներկայ էին Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան ներկայացուցիչ Ռուբէն Սողոյեան, Արմաշ եպս. Նալպանտեան, դամասկահայեր, արաբ մտաւորականներ եւ մամլոյ ներկայացուցիչներ: Մշակութային կեդրոնի տնօրէն Ռապապ Ահմետ ներկայացուց դասախօսը` ակնարկելով անոր գիտական կարողութիւններուն, ինչպէս նաեւ հայ-սուրիական յարաբերութիւններուն մէջ անոր ներդրումին:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը, դոկտ. Նորա Արիսեան իր նախաբանին մէջ հակիրճ ակնարկ մը նետեց հայոց լեզուի կազմութեան եւ զարգացման հոլովոյթին: Ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ հայ-արաբական դարաւոր յարաբերութիւններու բնոյթին եւ հոլովոյթին, որոնք զարգացուցին առեւտրական եւ քաղաքական կապերը, ինչպէս նաեւ գիտութիւններու զանազան բնագաւառներու մերձեցումը: Արիսեան հայ լեզուաբաններու տեսութիւններուն վրայ հիմնուելով ներկայացուց լեզուական առումով փոխառութիւնները, ինչպէս նաեւ արաբերէնի եւ հայերէնի միջեւ փոխառնուած բառերու էութիւնը: Արիսեան հաստատեց, որ հայ-արաբական յարաբերութիւնները դարաւոր հիմք ունին, եւ լեզուական առնչութիւնները լաւագոյն միջոցն էին երկու ժողովուրդներու եւ քաղաքակրթութիւններու մերձեցման:
Աւարտին դոկտ. Նորա Արիսեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն: