«Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան իններորդ տարելիցի օրը ԵԱՀԿ մամուլի ազատութեան հարցերով ներկայացուցիչ Տունիա Միյաթովիչը կոչ ըրած է Թուրքիոյ իշխանութիւններուն արագ եւ թափանցիկ դատավարութիւն ապահովելու` բացայայտելու Տինքի սպանութեան իրական պատուիրատուները:
Այս մասին՝ ըստ «Մետիամաքս»-ի՝ ըսուած է ԵԱՀԿ տարածած յայտարարութեան մէջ:
«Լիայոյս ենք, որ դատական գործի ծիրէն ներս վերջին զարգացումները կ’օգնեն վեր հանելու եւ պատասխանատուութեան կանչելու սպանութեան իրական պատուիրատուները»,- ըսած է Տունիա Միյաթովիչը` վկայակոչելով 2015 թուականի Դեկտեմբերին Իսթանպուլի գլխաւոր դատախազութեան որոշումը, որով գլխաւոր դատախազը միջնորդած է հետաքննութեան մէջ ներգրաւուելու 25 պաշտօնատար անձեր, որոնց մասնագիտական հնարաւոր անփութութեան հետեւանքով տեղի ունեցած է Տինքի սպանութիւնը:
«Ես վստահ եմ, որ դատավարութիւնը ի վերջոյ արդարութիւն պիտի բերէ Տինքի ընտանիքին, ընկերներուն եւ գործընկերներուն համար: Սպանութեան իրական պատուիրատուները բացայայտելը ցոյց պիտի տայ ամբողջ հանրութեան մամուլի եւ արտայայտման ազատութեան կարեւորութիւնը եւ լրագրողներու նկատմամբ կիրառուող բռնութեան դէմ պայքարելու շարունակական անհրաժեշտութիւնը»,- եզրափակած է ԵԱՀԿ-ի ներկայացուցիչը:
Հրանդ Տինք սպաննուած էր 2007-ի Յունուար 19-ին, Իսթանպուլի մէջ` իր թերթի խմբագրութեան շէնքին դիմաց: 2011-ին սպանութիւնն իրականացուցած Օկիւն Սամասթը դատապարտուած էր 22 տարուան ազատազրկման: Անոր յանցակից ընկերը՝ Եասին Հայալը դատապարտուած էր ցմահ ազատազրկման` Սամասթին զէնք եւ գումար տրամադրելուն համար: