Հայաստանի մօտ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար՝ Վասիլիս Մարագոսը դեռ կանուխ կը համարէ ՀՀ-ԵՄ մուտքի արտօնագրերու ազատականացման գործընթացի մանրամասներուն մասին խօսիլը՝ միաժամանակ համոզմունք յայտնելով, որ համատեղ ջանքերով հնարաւոր կ’ըլլայ հասնիլ այդ կարեւոր նպատակի իրագործման։
Պատասխանելով ՀՀ-ԵՄ վիզաներու ազատականացման շուրջ մեկնարկած երկխօսութեան վերաբերեալ «Արմէնփրէս»-ի թղթակցի հարցումին՝ Հայաստանի մօտ ԵՄ դեսպանը նշեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ արդեն իսկ ստեղծուած է շատ լաւ գործընկերութիւն արդարադատութեան համակարգի բարեփոխումներու, մարդու իրաւունքներու, սահմաններու կառավարման ոլորտներուն, ինչպէս նաեւ ԵՄ դիտորդական առաքելութեան տեղակայման հարցին մէջ։
«Ասոնք այն ոլորտներն են, որոնց ուղղութեամբ մենք կը ցանկանք շարունակել աշխատանքները եւ երկու կողմերու տեխնիկական խումբերը կ’աշխատին։
Մասնաւորապէս՝ շատ կարեւոր են՝ փաստաթուղթերու անվտանգութիւնը, որպէսզի անձը, ով կը ճամբորդէ, ունենայ անվտանգ անձնագիր եւ հնարաւոր ըլլայ նոյնականացնել, ինչպէս նաեւ միւս ոլորտներն ու բնագաւառները, որոնք կ’ապահովեն անվտանգ ճամբորդութիւններն ու այլ ուղղութիւններ։ Բայց համատեղ ջանքերու միջոցով, կը կարծեմ, կը կարողանանք հասնիլ շատ կարեւոր այս նպատակին՝ յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու»,-ըսաւ Մարագոսը։