Ըստ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հրապարակած տուեալներուն, Թուրքիոյ մէջ կը խօսուին աւելի քան 39 լեզուներ, որոնցմէ 18-ն կը համարուին անհետացած կամ անհետացման եզրին գտնուող լեզուներ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Կազեթետուվար» կայքը:
Անհետացած լեզուներն են մլահսոն (ասորական-արամէական լեզու) եւ Կապադովկիոյ յունարէնը: Հերթեւին եւ թուրոյօ լեզուները, ըլլալով նէօարամէական, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ ճանչցուած են անհետացման լուրջ վտանգի տակ եղող լեզուներ: Ատոնց կը հետեւին լատինոն (հրէասպանական լեզու) եւ հին թրքական կակաուզերէնը, ապա` յունարէնը (փոքրասիական), արեւմտահայերէնը, համշէնահայերէնը, լազերէնը, Պոնտոսի յունարէնը, ապազերէնը:
Ըստ Թուրքիոյ սահմանադրութեան 42-րդ յօդուածին, բացի Լոզանի համաձայնագիրին մէջ նշուած լեզուներէն (յունարէն, հայերէն, եբրայերէն), Թուրքիոյ քաղաքացիներուն կ՛արգիլուի որեւէ օտար լեզուով կրթութիւնը: