Գանատայի Օնթարիօ նահանգի երեսփոխանական ընտրութիւնները տեղի ունեցան
2 Յունիս 2022 Հինգշաբթի օր։ Ընտրութիւններուն մասնակցեցան Յառաջդիմական-Պահպանողական, Ազատական եւ Նոր Ժողովրդավար կուսակցութիւններու կողքին քանի մը
փոքր կուսակցութիւններ եւս։ Թորոնթոյի Էճինքորթ ընտրատարածքէն Յառաջդիմական-Պահպանողական կուսակցութեան թեկնածու, խորհրդականի առաջին Գանատացի-Հայ երեսփոխան՝ Տիար Արիս Պապիկեան Օնթարիօ նահանգի խորհրդարանէն ներս քուէներու
կարեւոր մեծամասնութեամբ կրկին երեսփոխան վերընտրուեցաւ։
Մինչ այդ Յառաջդիմական-Պահպանողական կուսակցութիւնը քուէներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ ընտրութիւնը շահեցաւ եւ իրաւունք ունեցաւ առանձինն կառավարութիւն կազմելու։
Վերջերս Օնթարիոյի Օրէնսդիր Ժողովը միաձայնութեամբ ընդունեց 105 րդ. օրինագիծը, որ իւրաքանչիւր տարուայ Մայիս ամիսը հռչակեց « Հայկական Ժառանգութեան Ամիս », որպէս յարգանքի տուրք Օնթարիօ Նահանգի մէջ բնակող հայերուն, որոնք իրենց գործօն ներդրումն ու բարի աւանդը բերած են գանատական հասարակութեան մէջ։ Այս օրինագիծը ներկայացուած էր հայ երեսփոխան Տիար Արիս Պապիկեանի կողմէ։
Յարութիւն Դերձակեան