Լոյս տեսաւ ԱՐԵՒի 26730 թիւը, որ ամբողջովին նուիրուած է Կոկանեան Սրահի ԶԱՆԳԵԶՈՒՐ պարախումբի հիմնադրութեան 55-ամեակին։
Հպարտ ենք եւ չափազանցած պիտի չըլլանք, երբ ըսենք որ յուզմունքով պատրաստեցինք այս թիւը քաջ գիտակցելով որ ԱՐԵՒի արխիւը հարուստ է վերջին 55 տարիներուն ԶԱՆԳԵԶՈՒՐի տուած բոլոր ելոյթներու նկարներով, յարգարժան խմբագիրներու կողմէն ստորագրուած տարբեր-տարբեր թղթակցութիւններով եւ ինչ խօսք` տարիէ տարի աւելի արժէքաւոր կը դառնան ատոնք, պարախումբին «աֆիշ»ները, յայտագիրները եւ ԶԱՆԳԵԶՈՒՐի փայլուն գործունէութիւնը պատմութեան յանձնող որեւէ, թէկուզ դեղնած, թուղթի կտոր։
Լաւատես պէտք է ըլլալ, կը խորհինք, բայց չենք յաջողիր մեր վհատութիւնը թաքցնել, երբ կը գիտակցինք որ վտանգուած է ինքնիշխան մեր Հայրենիքը, իսկ հոս` օտար հողի վրայ ծնունդ առած ԶԱՆԳԵԶՈՒՐին «վեթերան» պարողները, 19 տարի առաջ սիրով կարուած ու խնամքով պահուած տարազներ հագնելով նո՛յն բեմը կիսուեցան իրենց զաւակներուն հետ… Շատերու համար թերեւս անդրադառնալիք երեւոյթ մը չէ՛ սա, բայց մեզի համար` սարսափելիօրէն յուզող, խոցող իրողութիւն մը, քանզի տեղ մը պատմութիւն կը կեղծուի, ուրիշ տեղ մը` կը գրուի։
Այս տարի իր հիմնադրութեան 75-ամեակը նշող Կոկանեան Սրահին համար նորութիւն մը չէ՛ հերթական յաջողութիւն մը արձանագրելը, բայց եգիպտահայ համայնքի պատմութեան էջերուն մէջ նշուելու է որ 2024-ի Ապրիլ 19-ին, “New Generation International School”-ի մէջ կայացած ԶԱՆԳԵԶՈՒՐի ելոյթը բառին բուն իմաստով` պատմական էր։
Պատահականութիւն կամ բախտաւորութիւն մը չէր գերազանց այս յաջողութիւնը, բարեկամներ, քանզի փայլուն այս արդիւնքին հասնիլը հետեւանքն էր երկար ու դժուար ճանապարհի մը, որուն ականատեսն ու վկան էինք` միանգամայն. ամիսնե՜ր ընթացող հոյակապ ծրագրաւորում ու կազմակերպուածութիւն, հաւաքական ոգի, միասնական աշխատանք, պարտականութեանց յարմարագոյն բաժանում, վարակիչ ոգեւորութիւն, երթալ-գալ ու սպասելէն չդժկամող, պատասխանատուութեան գիտակից ծնողներ, արդիւնաբեր համագործակցութիւն. Փայլուն ելոյթ, շողշողուն բեմ, որակաւոր բայց ժամանակահունչ երաժշտութիւն, ազգայինի եւ օտարի հարուստ բազմազանութիւն, «Քոչարի» , «Շալախօ», «Սայաթ-Նովա», «Քաուպոյ», «Տապքէ» եւ «Փոլքա»… նորագոյն եւ աւանդական հնարքներու հաւասարակշիռ օգտագործում, արհեստավարժ աչք ու միտքով բեմադրուած քսան մէկ շռայլ պարեր, գրաւիչ գոյներու սքանչելի համադրութիւն, նրբաճաշակ գեղեցիկ տարազներ, ձեռք ու ոտք շարժելէն անդին` ոգիով պարող աղուոր երիտասարդ- երիտասարդուհիներ, բեմի հմայքին հետ նոր-նոր ծանօթացող պատանիներ ու մանուկներ, կրկնենք` ծնողներ ու զաւակներ, ժառանգութեան արժանաւոր պահպանում, փառաւոր անցեալի մը մասին վկայող 75 երկա՜ր տարիներ, յարգարժան պարգեւատրեալներ, անցեալը ներկային ու ապագային հետ կապող շարքեր… այլ դիտանկիւնէ` այսօրուան ապրած մեր անորոշութեան ու թոհուբոհին մէջ` պճեղ մը յոյս ու հաւատքի նշոյլ։
Կեցցէ՜ ԶԱՆԳԵԶՈՒՐը։
Ցնծութեան մէջ ենք, ի՛սկապէս։
Կեցցե՛ն իրենց սէրը, ջանքն ու հանդուրժողականութիւնը անխնայ տրամադրողները։ Մեծ սրահը ափ ի բերան լեցուցած հանդիսատեսին թնդացող անդադրում ծափողջուններն ու ոգեշնչող բացագանչութիւնները կատարելապէս վկայեցին որ ի զուր չէր ձեր յոգնութիւնը, ամիսներէ ի վեր շիւղ առ շիւղ այս յաջողութիւնը հիւսող` սիրելի՜ զանգեզուրցիներ։
Ի սրտէ կ’ողջունենք Կոկանեան Սրահի վարչութեան անձնուէր ատենապետուհին, տիկին Լալա Նիկոլեանը, ելոյթին հետ կապուած իւրաքանչիւր մանրամասնութեան նկատմամբ իր ցուցաբերած սիրայորդ գերհոգածութեան, չյոգնող հետապնդումին, չխամրող թափին ու միշտ լաւագոյնին ձգտող իր նախանձախնդրութեան համար։ Կեցցե՜ս։
Նոյն ջերմութեամբ կ’ողջունենք Կոկանեան Սրահի վարչութեան անխտիր բոլոր անդամներն ու իրենց պատասխանատուութիւնները լիուլի իրագործող յատկապէս տիկինները` Մարլին Աւանեանը, Քարին Աւագեանը, Անի Թաշճեանը, Նաթալի Լուսարարեանն ու անոնց կողքին յօժարակամ աշխատող բոլոր նուիրեալ տիկինները. «Ես» ու «իմ»-ով պատմութիւն չի՛ գրուիր։ Կեցցէ՛ք, կեցցէք բոլորդ։
Պարերէն ետք, ԶԱՆԳԵԶՈՒՐի շարքերով եռուն բեմին վրայ ծաղկեփունջերով գնահատուեցաւ պարախումբի տարազներուն պատրաստութեան պարտականութիւնը տարիներէ ի վեր սիրայօժար ստանձնող ու վարպետօրէն կատարող վաստակաշատ տիկին Զապէլ Տեփոյեանն ու պարտականութեան անկրկնելի յանձնառութեամբ անոր մեծապէս աջակցող`Կոկանեան Սրահի վարչութեան երկարամեայ փոխ ատենապետուհի տիկին Սեւան Տրդատեանը. ամիսներ շարունակ կտոր, չափ, թել ու ասեղով գործող ազնիւ տիկնայք` մեր յարգանքը ձեր անգնահատելի աշխատանքին ու անոր հմայիչ արդիւնքին։ Կեցցէ՛ք։
Յատուկ յուշանուէրով ու ծաղկեփունջով գնահատուեցաւ ԶԱՆԳԵԶՈՒՐ պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար ու արհեստավարժ պարուսոյց տիկին Էլէն Մարտիրոսեանը, որուն առանձնապէս կ’ողջունենք ու կրկնակի կը շնորհաւորենք` այսքան պատասխանատու, բծախնդիր եւ խստապահանջ ըլլալուն, ո՛չ արհեստավարժ խումբի մը հետ այսքան իրատես, ճկուն ու շրջահայեաց վարուելու հմտութեան եւ իւրաքանչիւր պարողէն լաւագոյնը մէջտեղ հանելու կարողութեան համար։
Կեցցէ՛ք։
ԶԱՆԳԵԶՈՒՐի այս ելոյթը առաւել եւս արժեւորող իրադարձութիւններէն էր նաեւ Կոկանեան Սրահի նախկին բոլոր ատենապետներու վերյիշումն ու պարգեւատրումը` անոնցմէ ներկաներուն. Այսպէս, յուշանուէրներով պարգեւատրուեցան Կոկանեան Սրահի ցկեանս պատուոյ նախագահ, բազմավաստակ երախտաւոր տիար` Կարպիս Եազճեանն ու Կոկանեան Սրահի վարչութեան երկարամեայ արժանաւոր ատենապետներ` տիար Նուպար Սիմոնեանն ու տոքթ. Գէորգ Երզնկացեանը, որոնց արդիւնաշատ գործունէութիւնը եգիպտահայ համայնքի արդի պատմութիւնը հարստացուցած է լուսաւոր էջերով։ Արժան եւ իրաւ։ Կը շնորհաւորենք մեր պատուարժան ու սիրուած պարգեւատրեալները, մեր յարգանքն ու սրտագին բարեմաղթանքները կը յղենք անոնցմէ իւրաքանչիւրին։
Երախտիքի մեր խօսքը կ’ուղղենք ԶԱՆԳԵԶՈՒՐի ելոյթը խնամող բոլոր հովանաւորներուն, Գահիրէի Ազգային Առաջնորդարանին գլխաւորութեամբ` Եգիպտոսի Հայոց Թեմի բարեխնամ առաջնորդ, գերշ. Տ. Աշոտ եպս. Մնացականեանի, Հ.Բ.Ը. Միութեան Եգիպտոսի Շրջանակային Յանձնաժողովին ատենապետութեամբ` տոքթ. Գէորգ Երզնկացեանի, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Եգիպտոսի Շրջանային Վարչութեան, ելոյթի մեծարգոյ նախագահ` տիար Հրայր Ճղալեանին ու ԶԱՆԳԵԶՈՒՐի բոլոր նուիրատու անհատներուն ու հաստատութիւններուն, որոնց էական աջակցութեամբ միա՛յն կարելի եղաւ պարախումբին անցեալի փառաւոր ճանապարհը արժանավայել ձեւով շարունակել ու 55-ամեակին նուիրուած յոբելենական ելոյթը ներկայացնել բարձրագոյն այս որակով։ Պատմութիւնը արձանագրեց որ ձեր ներդրումը նպատակասլաց էր ու տեղի՛ն։
Յառաջ կը նայինք, բարեկամներ, լիայոյս ըլլալով որ այսպիսի հաւատքով, միասնական ու նուիրուած աշխատանքով ԶԱՆԳԵԶՈԻՐԻ պանծալի այս ամեակներուն շարքը դեռ կը շարունակուի մինչեւ…
Վերջին ու ամենաէական մեր խօսքը կ’ուղղենք մեր երիտասարդներուն.
Ապրի՛ք, Կոկանեանցի տղաք ու աղջիկներ։
Ապրի՛ք, բեմէն շողացող ու բոլո՛րս վարակող ձեր վառվռուն հոգիներուն ու փայլո՜ւն ժպիտներուն համար։ Ապրի՛ք, որ ամիսներ շարունակ ձեր խանդավառ փորձերու ընթացքին յաջողեցաք ակումբի պատանիներն ու մանուկները դէպի ձեզ քաշել ու գեղեցիկ տիպար մը դրոշմել անոնց միտքերուն մէջ… Մտածելու է, թէ մարդկային այս անփոխարինելի կամուրջը ինչպէ՛ս բաբախուն մնայ, կարգադրելու է, որ այս խմբուածութիւնը շարունակական ու յարատեւ ըլլայ։ Եկէ՛ք ակումբ, երիտասարդներ, հաւաքուեցէք, հայերէն խօսեցէք, զրուցեցէք ու զիրար լսեցէք, մեր Հայրենիքին, Սփիւռքին ու մեր համայնքին իրողութիւնները հայերէնով զգացէք, որպէսզի միշտ կարենաք զանազանել ու արժեւորել «հայերէն» ապրելու տարբերութիւնը…
Հաւատացէ՛ք, ասիկա կ’ըլլայ մեր իսկակա՛ն յաղթանակը։
Սեւան Սեմէրճեան