Այժմեան Թուրքիոյ տարածքին մէջ գտնուող Էրզրումի նահանգի Ուզունդերէ շրջանին մէջ եղող հայկական Օշավանք եկեղեցին պիտի վերակառուցուի զբօսաշրջային նպատակներով, այս մասին յայտարարած է Էրզրումի նահանգապետ Օքայ Մեմիշ` տարածք կատարած այցի ժամանակ:
Ինչպէս կը գրէ թրքական պետական «Անատոլու» գործակալութիւնը, նահանգապետը Ուզունդերէ շրջանի ղեկավարին ու համանուն քաղաքի քաղաքապետին հետ շրջած է Էրզրումի պատմամշակութային վայրերով` քննարկելով տարածքին մէջ ներդրումային շարք մը խոշոր ծրագիրներ, կը յայտնէ Tert.am-ը:
12-րդ դարուն կառուցուած հայկական Օշավանքը (յայտնի է նաեւ Օշվանք, Օշկվանք անուններով) թուրք նախարարը ներկայացուցած է որպէս «վրացիներէն մնացած ժառանգութիւն» եւ խոստացած զայն դարձնել զբօսաշրջային կեդրոն: