Ներկայիս Թուրքիոյ տարածքին գտնուող Էրզրումի (Կարին-Tert.am) պատմական բերդի տարածքին թուրք հնագէտները պայթուցիկներ յայտնաբերած են, կ՛ենթադրուի, որ ատոնք 150 տարուան պատմութիւն ունին, կը հաղորդէ «Թերթ»-ը՝ վկայակոչելով Demokrathaber.org կայքը:
Հնագէտները պեղումներու ժամանակ յայտնաբերած են, մասնաւորապէս, 3 տէթոնաթոր: Այստեղ ժամանած ոստիկանները շրջափակած են տարածքը ու տարհանած մարդիկ` տէթոնաթորներու պայթելու վտանգի առկայութեան պատճառով:
Գտնուած պայթուցիկները մասնագէտներու կողմէ տարուած են համապատասխան ստուգումներու:
Հնագէտները կը շարունակեն իրենց պեղումները: