Թաներ Աքչամի նախաձեռնութեամբ՝ Գրիգոր Կէրկէրեանի արխիւը հասանելի պիտի դառնայ գիտնականներուն

Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած հոգեւորական Գրիգոր Կէրկէրեան (Գրիկըր) յատկանշական փաստեր հաւաքած էր թրքական վայրագութիւններուն մասին։ Այդ հաւաքածոն բոլոր գիտնականներուն հասանելի դարձնելու նպատակով, «Քլարք» համալսարանի Ողջակիզման եւ Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան կեդրոնի «Գալուստեան-Մուկար» հայագիտական հետազօտութիւններու ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Թաներ Աքչամ վերջերս համագործակցեցաւ ուսանողներու եւ թուրք փորձագէտներու հետ՝ թուային արխիւ մը ստեղծելու համար։

Արխիւը կ՝ըդգրկէ հազարաւոր բնօրինակ փաստաթուղթեր եւ Գրիկըրի  չտպագրուած նիւթերը: Հոն կան Հալէպի մէջ օսմանեան պաշտօնեայ Նայիմ պէյի ձեռագիր յուշերը, որոնք երկար ժամանակ անհետացած համարուած էին, ինչպէս նաեւ՝ Երուսաղէմի պատրիարքարանի փաստաթուղթերը, որոնք կը պարունակեն կարեւոր տեղեկատուութիւններ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ 1919-1922-ին Պոլսոյ մէջ տեղի ուենցած ոճրագործներու դատավարութիւններուն մասին:

Ուշագրաւ են գաղտնազերծուած հեռագիրները, որոնք Օսմանեան կայսրութեան ներքին գործոց նախարար Թալաթ փաշան, բանակի հրամանատարները եւ կառավարութեան զինեալ ուժերու ղեկավարները ուղարկած են կայսրութեան շրջաններու ղեկավարներուն: Այդ հեռագիրներէն մէկ մասին վրայ գտնուող օսմանեան պետական կնիքը յստակ կերպով  կ՛ընդգծէ օսմանեան կառավարութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ծրագրումը եւ իրագործումը: Սպանդի այդ հրամանները կը համարուին Հայոց Ցեղասպանութեան ապացոյցներ, որոնք հիմքն են Աքչամի՝ «Սպանութեան Հրամաններ. Թալաթ Փաշայի Հեռագիրերը Եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը» նոր հատորին:

Արխիւին մասին փրոֆ. Աքչամ կը գրէ հետեւեալը. «Այս նիւթերուն հասանելիութիւնը ներուժ ունի փոխելու գիտական ու քաղաքական քննարկումը, ինչպէս նաեւ պայքարելու թրքական ժխտողականութեան դէմ: Իմ պարտականութիւնն է այդ ապացոյցները հասանելի դարձնել աշխարհին»:

Արխիւին ստեղծման նիւթապէս օժանդակած են «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը, «Ժիրայր Նշանեան» հիմնարկը, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, «Տատրեան» հիմնարկը եւ այլ կազմակերպութիւններ:

Պելմոնթ հաստատուած Հայագիտական ուսմանց եւ ուսումնասիրութեանց ազգային միութեան նուիրուած են Կէրկէրեանի արխիւին մէջ ներառուած բնօրինակ նիւթերը, որոնք պիտի դառնան անոր «Մարտիկեան» գրադարանի մէկ մասը: Ուսումնասիրողներու համար թուային արխիւի նիւթերը հասանելի պիտի դառնան Հայագիտական ուսմանց եւ ուսումնասիրութեանց ազգային միութեան գլխաւոր գրասենեակի շէնքի բացումէն ետք (2019-ի աշնան):

 

(Պատրաստեց՝ Անի Մելքոնեան)