Կիրակի` 21 Հոկտեմբեր 2018-ին, Թորոնթոյի մէջ կայացած Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին տեղւոյն մասնաճիւղի տարեկան դրամահաւաքի ձեռնարկին ընթացքին կարելի եղած է գոյացնել մէկ միլիոն ամերիկեան տոլար գումար մը։
Գանատայի մէջ Հայաստանի դեսպանատան հովանիին տակ տեղի ունեցած ձեռնարկին ընթացքին հաւաքուած գումարը նոր մրցանիշ մըն էր շրջանին համար եւ անիկա պիտի տրամադրուի Հայաստանի եւ Արցախի մէջ հիմնադրամին նախաձեռնած կենսական շարք մը ծրագիրներու իրագործման։
Տեղին է յիշել, որ այս տարի Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի կողմէ Լոս Անճելըսի մէջ իրականացուող ամենամեայ հեռուստամարաթոնը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 22-ին:
Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի լրատուութեան բաժինէն` մանրամասնելով, որ «Հեռուստամարաթոն-2018»-ը, որ պիտի կրէ «Եկէք արարենք միասին» խորագիրը, պիտի ընդգրկէ նախորդ տարուան` խորքային հորերու հորատման եւ արեւային ջրատաքացուցիչներու տեղադրման ծրագիրները. պիտի իրականացուին նաեւ ենթակառուցուածքներու զարգացման ծրագիրներ Հայաստանի մէջ:
Աղբիւրին հաղորդմամբ` «Հեռուստամարաթոն-2018»-ին ընդառաջ` հիմնադրամը UNIBANK ARMENIA ընկերութեան կողմէ ստացած է առաջին խոշոր նուիրատուութիւնը` 15 միլիոն դրամի չափով: