Հայաստանի աւերիչ երկրաշարժի զոհերու 30 ամեակին նուիրուած յուշ-երեկոյ եւ հաւաքական աղօթքը կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի Միջ-Յարանուանական մարմնի եւ մասնակցութեամբ Օնթարիոյի Գանատահայ Բժշկական Ընկերակցութեան եւ հայկական ամէնօրեայ եւ շաբաթօրեայ վարժարաններու երգչախումբերուն, տեղի ունեցաւ Ուրբաթ Դեկտեմբեր 7. 2018-ին երեկոյեան ժամը 7.30-ին Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ:
Հանդիսութեան ներկայ էին Գերյ. Եղիա Ծ. Վրդ. Քիրէջեան հովիւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան, Գանատահայոց Թեմի Փոխ-առաջնորդ եւ հովիւ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ, Հոգ. Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան, Գանատայի հայոց Փոխ-առաջնորդ եւ հովիւ Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հովիւ, Վեր. Եսայի Սարմաղեան, Հայ Աւետարանական եկեղեցի, Բրշ. Նուրհան Սրկ. Իփէքճեան, Տիար Յակոբ Ճանպազեան, Ատենապետ Միջ-Յարանուանական մարմնի, ինչպէս նաեւ հոծ թիւով հաւատացեալներ որոնք եկած էին, յարգելու յիշատակը երկրաշարժի զոհերուն:
Յանուն Միջ-Յարանուանական մարմնի, բացման խօսքով հանդէս եկաւ Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ակնարկ մը նետեց, 30 տարիներ առաջ պատահած աւերիչ երկրաշարժին:
Մասնակցութեամբ ներկայ հոգեւորականներու տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ հաւաքական աղօթք, երգեցողութիւնը ներդաշնակ կերպով կատարուեցաւ, Ս. Ե. Հ. Ա. եկեղեցւոյ դպրաց դասի կողմէ, ղեկավարութեամբ դպրապետ Շահէ Ալթունեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Սօնա Արթինեանի:
Օնթարիոյի Գանատահայ Բժշկական Ընկերակցութեան խօսքը փոխանցեց Ատենապետուհի Տօքթ. Անի Հասըրճեան, իր խօսքերուն մէջ ան ըսաւ «Դեկտեմբեր 7, 1988 առաւօտեան ժամը 11:41 անց, 2 իրերայաջորդ ցնցումներով, Հայաստան Սպիտակի երկրաշարժը 6.9 Ռիշթըր (մագնիտուդ) չափանիշի ուժգնութեամբ, քանի մը երկվայրկեանի մէջ 700,000է աւելի ժողովուրդի բնակավայրերը աղէտի գօտիի վերածեց ու մահացան 25,000 աւելի անձեր, վիրաւորուեցան շուրջ 31,000 հայեր եւ անտուն մնացորդներուն թիւը 514,000ը կ’անցնէր:
30 տարիներ առաջ, հակառակ անոր որ արդի tecknology-ն չկար լուրերը այսօրուայ նման երկվայրկեանին ստանալու, սակայն կարծէք Սպիտակի Երկրաշարժի գոյժը կայծակի արագութեամբ հաղորդուեցաւ համայն աշխարհի տարածքին եւ ֆիզիքապէս ցնցուած Հայրենիքի դղրդիւնը պատճառ հանդիսացաւ Սփիւռքի Հայ ժողովուրդի Հայրենիքն օժանդակելու միասնական զգաստութեան:
Այս հիման վրայ էր, երկրաշարժի յաջորդ օրն իսկ, խումբ մը նուիրեալ բժիշկներ, ատամնաբոյժներ, հիւանդապահուհիներ դեղագործներ եւ առողջապահութեան ոլորտին մէջ եղող մասնագէտներ, Թորոնթոյի բոլոր Հայ Եկեղեցիներու եւ գործօն Միութիւններու կողքին հրաւիրուեցան Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի ղեկավարութեան կողմէ եւ կազմակերպեցին դեղորայքի եւ շտապ օգնութեան առողջապահական կարիքներու գործընթացը: Այս օրը կը զուգադիպի մեր Բժշկական Ընկերակցութեան 30-ամեակին հետ: Այդ կապակցութեամբ 2 շաբաթ առաջ մենք շարք մը ձեռնարկներ ունեցանք արդէն: Սակայն այս ոգեկոչման յատուկ հաւաքով, մասնաւորաբար կազմակերպուած Թորոնթոյի Հայկական Եկեղեցիներու Միջ-Յարանուանական Մարմնի կողմէ, կը փափաքինք թորոնթոհայութեան հետ նշել մեր Ընկերակցութեան ծնունդ տուող դէպքը՝ Երկրաշարժը, աղօթքով, խորհրդածութեամբ եւ նոր յանձնարարութեամբ Հայրենիքին ու Արցախին օժանդակելու եւ լուսաշող ապագայի առաջնորդելու վառ յոյսերով…»:
Ան իր խօսքը աւարտեց աւելցնելով.
«Անձնուէր ոգիով ծառայելու վեհ արժէքները պահելով, գիտակցինք թէ Հայաստան եւ Սփիւռք զիրար ամբողջացնող միաւորներ են եւ միասնական ոգին միայն մեզ կը զօրացնէ: Տէրը օրհնէ մեր Հայրենիքը եւ մեր ժողովուրդը ամէնուրեք»:
Ներկաները ծափահարութիւններով գնահատեցին Տօքթ. Անի Հասըրճեանի խօսքը:
Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտները ղեկավարութեամբ Հռիփսիմէ Թովմասեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Վանիկ Յովհաննիսեանի, եւ Հ.Օ.Մ.-ի Գոլոլեան վարժարանի աշակերտները, ղեկավարութեամբ Սօնա Յովսէփեանի խմբերգեցին հայրենասիրական եւ ազգային երգեր, արժանանալով ներկաներու գնահատանքին:
Փակման խօսքով հանդէս եկաւ Հոգ. Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան որ փոխանցեց իր սրտի խօսքը: Խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հովիւին, Ծխական Խորհուրդին, շնորհաւորեց Միջ-Յարանուանական Մարմնի եւ Օնթարիոյի Գանատահայ Բժշկական Ընկերակցութեան (որոնց հիմնադրութեան 30 ամեակն ալ կը զուգադիպէր այս տարի) համերաշխ գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Տօքթ. Հասըրճեանի խորիմաստ խօսքերուն համար, եւ յայտագրի մաս կազմող հայկական ամէնօրեայ եւ շաբաթօրեայ վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտներուն:
Գերյ. Եղիա Ծ. Վրդ. Քիրէջեանի պահպանիչով ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան կողմէ: