Թուրքիոյ առաջին հայ կին լրագրող Էլպիս Գէսարացեանը

Թուրքիոյ առաջին հայ կին լրագրող Էլպիս Գէսարացեանը իր լրագրողական ու գրական գործունէութեան ողջ ընթացքին կանանց ազատութեան համար պայքարած է:

«Մեր գաղափարները պէտք է ծաղկին». ահա այս խօսքերով յիշենք Էլպիսը…

Ան ծնած է 1830-ին Պոլսոյ Պեշիքթաշ թաղամասին մէջ: 1862-63 թուականներուն հրատարակած է հայերէն կանանց «Կիթառ» ամսագիրը: Ան առաջին կին գրողը եղած է, որ պաշտպանած է կանանց ազատութեան գաղափարը սեռերու միջեւ անհաւասարութեան պատճառներու վերացման ու հասարակութեան զարգացման համար:

Հետեւեալ տողերը կը ներկանացնեն թէ զինք, թէ իր հայեացքները. «Բազմիցս վկայ եղած ենք, որ իրենց սեփական ամուսիններէն աւելի մտածող, հեռատես ու գործունեայ կանայք կան, որոնք, սակայն, դիտաւորեալ ստիպուած կ՛ըլլան հլու հնազանդ գլուխ խորարհելու իրենց ամուսիններուն առջեւ, քանի որ ընդունուած է, որ կինը պէտք է ըլլայ լեզուն կտրուած թռչուն, իսկ տղամարդը, ագռաւ ալ ըլլայ, պէտք է երգէ, ղեկավարէ: Այո’, իմ սիրելի քոյրիկ, ասոնք են իմ մտածումները: Մեր գաղափարները պէտք է ծաղկին: Տաղանդաւոր անհատները ասիկա պէտք է համարեն իրենց պարտականութիւնը, պէտք է թմրած գլուխները գործի անցնին, զգօնութեամբ  տէր կանգնին իրենց ազատութեան, կրթուին: Պէտք է ընթերցասրահներ, խորհուրդներ կազմեն ու ստանան այնպիսի գիտելիքներ, որոնք հասնին մարդոնց սրտերուն, մտքերուն, որ զարգացման համար քայլ ընենք, մարդ համարուինք…»։

 

Թարգմանեց Անի Մելքոնեանը