Թուրքիոյ մէջ գտնուող 605-ամեայ Արմաշի հայկական վանքը՝ լքուած եւ անմխիթար վիճակի մէջ է

Այժմու Թուրքիոյ արեւմտեան Իզմիթի շրջանին մէջ գտնուող 605-ամեայ Արմաշի Չարխափան Սուրբ Աստուածածին հայկական վանքը լքուած ու անմխիթար վիճակի մէջ է: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով ntv.com.tr-ը։

Աղիւսաշէն վանքի տարածքին վրայ, ուր 1889-ականներուն կառուցուած է դպրատուն, այսօր կիսաւեր է եւ ամբողջովին խոտերով ծածկուած:  Բացի այդ, տեղի բնակիչները վանքի ողջ տարածքը վերածած են աղբավայրի:

Հակառակ այս բոլորին՝ բնակիչները կ’ուզեն վերականգնել վանական համալիրը եւ զայն վերածել զբօսաշրջային կեդրոնի: Անոնք այդ հարցով դիմած են Քոճաելիի քաղաքապետարան:

Աքմեշէի (Արմաշ) գիւղապետ Ռահիմ Վարոլը պատմած է, որ Արմաշի դպրատունը Թուրքիոյ ամենահին դպրատուներէն մէկն է:

Վարոլի փոխանցմամբ՝ Աքմեշէի գործարարներէն մէկուն մեկենասութեամբ՝ վանքի տարածքին մէջ սկսած են վերականգնման աշխատանքներ, բայց յետոյ որոշ պատճառներով դադրեցուած են:

Յիշեցնենք, որ Արմաշի Չարխափան Սուրբ Աստուածածին հայկական վանքը հիմնադրուած է 1416-ին: Մինչ Արմաշ գիւղի հիմնումը բնակավայրը եղած է յունաբնակ: 1416-ին յոյները հրդեհած եւ լքած են զայն, եւ այդտեղ հաստատուած են Մարաշէն գաղթած ու հարեւանութեամբ ապաստանած հայերը: Տեղանունը «Մարաշ»-ի տարափոխուած վերաձայնութիւնն է:

Մինչեւ Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան ստեղծումը (1461) Արմաշի Չարխափան Ս. Աստուածածին վանքը եղած է Արեւելեան Թրակիոյ վանական կեդրոնը: 18-րդ դարուն վանքի տարածքին մէջ հիմնուած է մատենադարանի շէնքը, իսկ 1804-ին Չակր Հասանը իր թշնամիին ապաստան տալու համար իբրեւ վրիժառութիւն աւերած է վանքը: 1820թ. վանքը վերակառուցուած է, 1864-ին ստեղծուած է տպարան: Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարք (1888–94) Խորէն Աշըգեանը չէ հրաժարած Արմաշի վանքը «թրքահայոց Վենետիկը» դարձնելու նուիրական ծրագրէն եւ 1889-ին պատմական համալիրի տարածքին վրայ հիմնած է դպրատունը:

Արմաշի Չարխափան Սուրբ Աստուածածին վանքը եղած է նաեւ գրչութեան կեդրոն: