Հնագիտութեան մասին նիւթեր հրապարակող թրքական կայքը անդրադարձած է Արցախի տարածքին Տիգրանակերտի շրջակայքը շարունակուող պեղումներուն։
Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ թրքական լրատուամիջոցը զանոնք ներկայացուցած է իբրեւ Ատրպէյճանի «գրաւուած տարածքներ»-ու մէջ իրականացուող պեղումներ։
Պեղումներուն վերաբերեալ իր մեկնաբանութիւնը ըրած է Ղարաբաղի հնագիտական արշաւախումբի ղեկավար Համլէթ Պետրոսեան։ Ըստ անոր՝ վերջերս յայտնաբերուած են Ք.Ա 1-ին դարու կարասային գերեզմաններ։ Անոր խօսքերով՝ թէեւ նախապէս (2011-2012թթ) ալ տարածքին մէջ կարասային գերեզմաններ յայտնաբերուած, բայց անոնք այդքան մեծ չեն, որքան նոր յայտնաբերուածները։
Պետրոսեանի տեղեկութիւններով՝ յայտնաբերուած են նաեւ անտիկ շրջանի արծաթէ տարբեր զարդեր, ինչպէս նաեւ մետաղադրամներ։