Վանի Զըրնեքոլ գագաթին, ուր առկայ են ուրարտական մշակոյթի ժառանգութեան հետքեր, գանձագողերը մեծ աւերներ գործած են: «Arsisa» լեզուի եւ մշակոյթի ուսումնասիրութիւններու միութեան ղեկավար խորհուրդի անդամ Ճեւտեթ Զիլանլըն իր վրդովմունքը յայտնած է այդ փաստին համար` շեշտելով, թէ իսկական գանձը անգիտակցաբար կ’ոչնչացուի գանձ որոնողներու կողմէն։ Աղբիւրին համաձայն, Զըրնեքոլի գագաթին մասնաւորապէս գտնուած են ուրարտական շրջանի հաւաքական բնակավայրեր: Եւ նախքան այս վայրին մէջ հնագիտական պեղումներու սկիզբը նկատուած է, որ գանձագողերը աւերած են այդ տարածքը: Ուրարտական մշակութային ժառանգութեան հետքերը գանձ որոնողներու կողմէն վերցուած են պուլտոզերներու միջոցով: Ճեւտեթ Զիլանլըն Gazeteduvar.com լրատուակայքի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին յիշեցնելով, որ պատմութենէն մնացած ամէն մէկ քար ժառանգութիւն է ապագայ սերունդներուն համար, յայտնած է․ «Տակաւին մենք ատիկա չենք գիտակցիր, հաստատ բանի մը չենք հասնիր: Իբրեւ հաւաքականութիւն` մեր ամենամեծ թերութիւնն է: Անոր համար կ’ըսեմ, որ պատմութենէն մնացած ամէն մէկ քար անցեալի քաղաքակրթութիւններէն մեզի ձգուած ժառանգութիւն է: Ամէն մէկ քար մէկական գանձ է, որ ոսկիի արժէք ունի: Մեր առջեւ գանձերը անգիտակցաբար ոչնչացնելը աներեւակայելի անգրագիտութիւն է»։ Թուրքական աղբիւրի թղթակից Իդրիս Եըլմազ զրուցած է նաեւ Վանի «Հարիւրամեայ Տարի» համալսարանի Գրականութեան հիմնարկի հնագիտութեան բաժինի ղեկավար, դոկտոր, փրոֆ․ Ռաֆէթ Չաւուշօղլուի հետ, ընդգծած է, որ տուեալ վայրին մէջ պահպանուած ուրարտական պատմական յուշարձանի աւերակները «Արեւելեան Անատոլիոյ», այսինքն` Արեւմտեան Հայաստանի առաջին կրակարանի մնացորդներն են: Իսկ քարերուն վրայ փորագրուած պատկերները գանձի տեղը ցոյց տուող նշաններ» համարողները պատասխանած է ընկերաբան Զեյնէլ Ապիտին Չելեպին, որ շեշտած է այդ ընկալման սխալ ըլլալու հանգամանքը: Ան Gazeteduvar.com լրատուակայքի թղթակիցին յայտնած է․«Ներկայիս գանձ որոնողները հիմնականօրէն երբ պատմական յուշարձանի վրայ խաչի, հաւու, առիւծի, բադի կամ ձուի պատկերներ կը տեսնեն, անոնք գանձին տեղը ցոյց տուող նշաններ կը համարեն: Մէկ բան, որ ամբողջովին սխալ է: Խաչին նշանները կամ քրիստոնեաներու գերեզմանը կը խորհրդանշէ անոնց սրբավայրերը: Հաւու եւ ձուի պատկերներուն պարագային, ապա անոնք կը կատարուէին այն նկատառումով, որ տուեալ շինութեան կառուցումը լաւ ընթանայ: Իսկ զանազան կենդանիներու պատկերները ուժ կը ներկայացնեն: Իրականութեան մէջ ապագային վստահուած ժառանգութիւնը կ’աւերուի»։
Editor's Picks
Արցախցի գրող՝ Աշոտ Բեգլարեանը միջազգային գրական մրցոյթի դափնեկիր
Արցախցի արձակագիր, լրագրող Աշոտ Բեգլարեանը «Մեծ Ուխտաւորը` Երիտասարդներին» միջազգային հիմնադրամի Փառքի ակումբի 27 համարային մրցոյթի դափնեկիր դարձած է։ Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։
44-օրեայ պատերազմի...
Popular
Mariage du pianiste Evgueni Kissin avec une arménienne de Prague
Le jeune et célèbre pianiste Evgueni Kissin a épousé l’Arménienne Karina Arzumanova. Le mariage a eu lieu à Prague, où vit Karina Arzumanova. Evgueni,...