Արցախի կառավարութեան եւ «Քաշաթաղ» բարեգործական հիմնադրամի համաֆինանսաւորմամբ Քաշաթաղի շրջանի Իշխանաձոր համայնքին մէջ աւարտած է 52 առանձնատուներու կառուցման եւ շահագործման աշխատանքները:
Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ այս մասին ըսած է Իշխանաձոր համայնքի ղեկավար Արսէն Թելունցը` նշելով, որ առանձնատուները տրամադրուած են գիւղի վերաբնակիչներուն:
Անոր խօսքով` բնակարաններու կառուցման շինարարական շխատանքները սկսած են 2017 թուականի նոյեմբերէն, որ իրականացուած է փուլերով:
«Բնակարաններու կառուցման վերջին փուլը աւարտած է մօտ մէկ ամիս առաջ: Յառաջիկային համայնքին մէջ կը նախատեսուի բնակարաններ կառուցելու համար եւս մէկ ծրագիր իրականացնել: Համայնքը ունի 600 բնակիչ. Գիւղին մէջ ապրողներու թիւը կ՛աճի: Նախօրէին շուրջ 30 բնակիչ եւս ցանկութիւն յայտնած է վերաբնակուիլ Իշխանաձորի մէջ: Համայնքին մէջ առաջնահերթ է բնակարաններու խնդիրը: Կապուած երեխաներու նկատելի աճի հետ` կարեւոր է նաեւ մանկապարտէզ ունենալը, ինչպէս նաեւ դպրոցի շէնքը մեծցնելը»,- աւելցուցած է Թելունց: