Ուրբաթ, 8 Մարտին, Մոնթրէալի Թ.Մ.Միութեան Կեդրոնի «Յ. եւ Ս. Արզումանեան» Սրահը լեցուն էր տարբեր շրջանակներէ եկող եւ ազգային լուրջ հարցերու հետամուտ՝ հարիւրէ աւելի ներկաներով, որոնք եկած էին լսելու ֆրանսահայ հանրածանօթ իրաւաբան Ֆիլիփ Րաֆֆի Գալֆայեանի դասախօսութիւնը Արցախի հիմնահարցին մասին: Ըստ կատարուած յայտարարութեան, դասախօսութեան նիւթն էր զուտ իրաւական անկիւնէ ներկայացնել եւ վերլուծել Արցախի ինքնորոշման կամ Ատրպէյճանէն բաժանման իրաւունքին տուեալները:
Երեկոյթի բացումը կատարեց Ռ.Ա.Կ.ի եւ Թէքէեանի ծանօթ ղեկավար՝ Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան որ իսկական բարեբախտութիւն նկատեց, որ մինչ Արցախի հիմնահարցը այս օրերուն վերստին դարձած է միջազգային դիւանագիտական հրատապ նիւթ, պրն. Րաֆֆի Գալֆայեան որ իսկական մասնագէտն է այդ հարցին, կը գտնուի Մոնթրէալ եւ ահա պատեհութիւնը կ’ունենանք զինք լսելու:
Ապա՝ ան հրաւիրեց գաղութի մտաւորական՝ եւ Գանատայի ազգային եւ քաղաքական կեանքին մէջ տարիներէ ի վեր առաջնորդող դեր ստանձնած պրն. Վիգէն Ադդարեանը որպէս moderator վարելու դասախօսութիւնը:
Պրն. Ադդարեան նախ հակիրճ կերպով ներկայացուց օրուայ յարգելի դասախօսը, ստորագծելով թէ ան հաւանաբար սփիւռքահայութեան մէջ ամէնահեղինակաւոր անձնաւորութիւնն է, որ իր երկար տարիներու գործունէութեամբ եւ պաշտօնական մարմիններու մէջ կատարած օրինական ուսումնասիրութիւններով եւ ներկայացումներով կրնայ պարզել այս խրթին հարցին տարբեր երեսները: Բազմաթիւ այլ պաշտօններու կարգին պրն. Ադդարեան ընդգծեց թէ իրաւաբան Րաֆֆի Գալֆայեան մօտ եօթ տարիներ վարած է Մարդու Իրաւունքի Միջազգային Լիկայի Վարիչ Ընդհանուր Քարտուղարի տպաւորիչ պատասխանատու պաշտօնը: Վերջապէս ան խօսքը տուաւ յարգելի դասախօսին:
Պրն. Գալֆայեան որոշապէս ինքնավստահ եւ սակայն իր մեղմ ոճով կատարեց մօտ մէկ ժամ տեւող ներկայացումը: Ան օգտագործեց պաստառին վրայ ցուցադրուած իրարայաջորդ իր պատրաստած սահիկները ներկայացնելու համար նիւթին միջազգային օրինական հիմնակէտերը եւ Միացեալ Ազգերու եւ այլ միջազգային կազմակերպութեանց որոշումները որոնք անխուսափելիօրէն ուղեցոյց կը հանդիսանան Ղարաբաղի շուրջ կատարուած խորհրդակցութեանց եւ սակարկութեանց ընթացքին:
Պրն. Գալֆայեան ապա քննական մօտեցումով ներկայացուց մէկ կողմէ Հայաստանի եւ Արցախի եւ միւս կողմէ Ատրպէյճանի մինչեւ այսօր որդեգրած դիւանագիտական ռազմավարութեան կարեւոր գիծերը: Ան նաեւ ուզեց վերլուծել կողմերու միջեւ միջնորդութեան դերը կատարող մեծ պետութեանց՝ Ռուսաստանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի բռնած դիրքերը եւ անոնց դրդապատճառները:
Պրն. Գալֆայեան մատնանշեց թէ մինչ Ատրպէյճան սկիզբէն ի վեր կը պահէ անզիջողի յստակ դիրք մը, միւս կողմէ բոլորովին յստակ չեն Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի վերջնական պահանջքները եւ դիրքաւորումները տարբեր հիմնական պարագաներու բերմամբ:
Որպէս եզրակացութիւն պրն. Գալֆայեան ստորագծեց թէ մանաւանդ որպէս հետեւանք Ատրպէյճանի կողմէ, 1988-էն ի վեր տարուող բացայայտ հայատեաց հրապարկային քաղաքականութեան ան միջազգայնական տեսանկիւնէն ամէն կարելիութիւն կորսնցուցած է յաւակնելու թէ անգամ մը եւս Արցախը մտնէ իր հովանաւորութեան տակ:
Իրաւականօրէն սակայն ընդհանուր պատկերը կը մնայ խրթին:
Դասախօսութեան վերջաւորութեան, պրն. Ադդարեան վարեց ներկաներու կողմէ տրուած բազմաթիւ հարցումներու եւ պրն. Գալֆայեանի կողմէ տրուած մանրամասն պատասխաններու յատկացուած երկար բաժին մը, որ վերջացաւ ներկաներու բուռն ծափահարութիւններով յայտնուած շնորհակալութեամբ եւ գնահատանքով յարգելի դասախօսին:
Երեկոն փակուեցաւ Դոկտ. Կէօնճեանի շնորհակալական խօսքերով ուր ան ընդգծեց թէ շնորհիւ պրն. Գալֆայեանի այս երեկոյ տուած լուսաբանական եւ դաստիարակչական այս խորիմաստ դասախօսութեան, ներկաներս իրազեկ դարձանք թէ Արցախի հարցին հետապնդման մէջ հայ ժողովուրդին մինչեւ այսօր ստանձնած առաւելաբար զգացական մօտեցումէն վեր կան օրինական միջազգային շատ լուրջ տուեալներ որոնց պարտի հայկական կողմը շատ խորապէս իրազեկ ըլլալ, կարենալ զանոնք օգտագործելու ի նպաստ իր վերջնական նպատակներուն: Այս առթիւ պրն. Գալֆայեանի խօսքերէն պէտք է եզրակացնել թէ հայկական կողմը, որ կազմուած է, իւրաքանչիւրը իր կարեւորութեան կարգով, Արցախի, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ սփիւռքի հայութեան երակողմանի խարիսխով, պարտի ամէնաշուտը ինքն իր մէջ որդեգրել այս կապակցութեամբ յստակ քաղաքականութիւն, նպատակներ եւ ռազմագիտական մօտեցում կարենալ լաւագոյնը դէմ դնելու միջազգային ոչ բարենպաստ ճնշումներուն:
Մինչ խիստ հետաքրքրական այս երեկոյթը աւարտեցաւ ուշ ժամերուն, ներկաները մնացին տակաւին երկար ժամանակ կարծիքներ փոխանակելու համար իրաւագէտ Րաֆֆի Գալֆայեանի հետ:
«Ապագայ»ի թղթակից