«ԻՒՆԵՍՔՕ»Ն ՀԱԼԷՊԻ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆՆԵՐԸ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ՆՈՐ ՄԻՋՈՑՆԵՐ Կ’ՕԳՏԱԳՈՐԾԷ

«ԻՒՆԵՍՔՕ»ն Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած մարտական գործողութիւններու հետեւանքով Հալէպ քաղաքի քանդուած յուշարձաններու վերականգնման ընդգրկուն նախագիծ կը պատրաստէ օգտագործելով անօդաչուներ եւ եւ արհեստական բանական ալգորիթմներ:
ԻՒՆԵՍՔՕ-ի ղեկավարը յիշեցուցած Է, թէ այժմ կազմակերպութեան համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակը Սուրիայէն վեց տուեալներ կը ներառէ, սակայն իրականութեան մէջ զինեալներու դիտումնաւոր քանդումներէն շատ աւելի յուշարձաններ տուժած են:Ան տեղեկացուցած է, թէ այժմ կազմակերպութիւնը աշխուժօրէն կը նպաստէ Սուրիոյ մէջ ճարտարագիտական մասնագէտներու ուսուցման`անոնց համապատասխան նախագիծերու մասնակից դարձնելով: