ԼԵՄՔԻՆԻ ՀԻՄՆԱՐԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԱԾ Է ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԹԱՂԱՄԱՍԻՆ ՎՐԱՅ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

Ցեղասպանութեան կանխարգիլման Լեմքինի հիմնարկը խստիւ դատապարտած է իսրայէլացի-աւստրալիացի գործարար Տենի Ռուպինշթայնի առնչուած զինուած խմբաւորումներու վերջին դաժան յարձակումը Արեւելեան Երուսաղէմի հայկական թաղամասին վրայ:

«Մենք կը կրկնենք մեր նախորդ յայտարարութեան կոչը` պաշտպանելու հայկական թաղամասի մշակութային ժառանգութիւնը եւ յարգելու կամքը անոր բնակիչներուն, որոնք կը շարունակեն դիմադրել իրենց հողերու բռնի իւրացման», ըսուած է հիմնարկի յայտարարութեան մէջ:

Լեմքինի հիմնարկը ընդգծած է, որ նման դէպքերը կը նպաստեն զանգուածային վայրագութիւններու եւ ցեղասպանութեան նպաստող միջավայրի ստեղծման: Կ’արձանագրուի նաեւ, որ նման նախազգուշացումները կարեւոր են հայերու դէմ հետագայ մագլցումը կանխարգիլելու համար:

«Մենք ամբողջովին կ’աջակցինք սաղիմահայութեան դիմադրութեան եւ իշխանութիւններուն կոչ կ’ուղղենք բոլոր անհրաժեշտ միջոցներով ապահովելու հայկական թաղամասի եւ Արեւելեան Երուսաղէմի մնացած մասի անվտանգութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը», շեշտուած է յայտարարութեան մէջ: