Ուրբաթ՝ 27 Նոյեմբեր 2015-ին, Ֆրանսայի Թրուա քաղաքի Շեւրոզի այգիին մէջ տեղի ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարի բացման հանդիսաւոր արարողութիւն: Այս մասին կը հաղորդէ canal32.fr կայքը:
Խաչքարի բացման ներկայ եղած են Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպան Վիգէն Չիթեչեան, ծերակուտական-քաղաքապետ Ֆրանսուա Պարուան եւ հայ համայնքի շուրջ 150 ներկայացուցիչներ ու հիւրեր: