Երեքշաբթի, Օգոստոս 14-ի երեկոյեան, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդը վաւերացուց Կլենտէյլի քաղաքամէջը կառուցուելիք թանգարանին տարածքը յառաջիկայ 95 տարիներուն տարեկան 1 տոլարով վարձու տալու համաձայնագիրը, անկիւնադարձային քայլ մը առնելով պատմական այս ծրագիրին իրականացման ջանքերուն մէջ։
Նախնական համաձայնութիւը 55 տարիներու համար է, սակայն համաձայնութեան մէջ կայ զայն չորս առիթներով՝ 10-ական տարիով երկարաձգելու պայմանը։
Թանգարանին վարչութեան եւ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդին միջեւ 4 տարիներու եւ 8 ամիսներու գործակցութեան արգասիքը հանդիսացող այս որոշումով, կարելի պիտի ըլլայ ընթացք տալ մշակութային եւ կրթական իւրայատուկ այս կեդրոնին կառուցման աշխատանքներուն։
Եռայարկ եւ մօտաւորապէս 60,000 քառակուսի ոտք տարածք ունեցող թանգարանը պիտի հաստատուի քաղաքին Կեդրոնական զբօսավայրին մէջ, Պրենտ եւ Քոլորատօ թաղերուն խաչմերուկին մօտերը։ Սոյն ծրագիրը մաս կը կազմէ Կլենտէյլի քաղաքամէջը զարգացնելու ընդարձակ նախաձեռնութեան:
Անիկա պիտի ունենայ ամերիկահայութեան նուիրուած մնայուն հաւաքածոյ մը, իսկ տարբեր մշակոյթներու եւ նիւթերու նուիրուած ցուցահանդէսներ պիտի հիւրընկալէ պարբերաբար։
Այս համաձայնութեան նուիրուած եւ Օգոստոս 15ին կայացած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, քաղաքապետ Զարէհ Սինանեան Կլենտէյլ քաղաքին համար հպարտութեան առիթ որակեց համաձայնութիւնը, իսկ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Վարդան Կարապետեան աւելցուց, որ թանգարանը պիտի դառնայ քաղաքին ամենակարեւոր կառոյցներէն մէկը։
«Հայ-ամերիկեան թանգարանը պիտի ըլլայ քաղաքին գոհարներէն մէկը», ըսաւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլա Տիվայն, իսկ անոր պաշտօնակից Արա Նաճարեան շեշտեց, թէ քաղաքապեական խորհուրդը կարեւոր քայլ մը առած է ապագայ սերունդին համար կենսական այս ծրագիրին իրականացման մէջ։
Մամլոյ ասուլիսի աւարտին տեղի ունեցաւ համաձայնութեան ստորագրութեան արարողութիւնը։
Նշենք, որ Հայ-ամերիկեան թանգարանի վարչութեան մաս կը կազմեն շրջանի հետեւեալ կազմակերպութիւններն ու հաստատութիւնները՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարանը, Հայ Մշակութային հիմնարկութիւնը, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական միութիւնը, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանը, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը, Հայ Օգնութեան Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանը, «Նոր Օր» Բարեգործական հիմնարկութիւնը, «Նոր Սերունդ» Մշակութային միութիւնը, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանը եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանը: Անոր մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.ArmenianAmericanMuseum.org կայքը: