ԿՈԿԱՆԵԱՆ ՍՐԱՀԻ ԱՄԱՆՈՐԵԱՅ ՊԱԶԱՐԸ

Շարունակուող աւանդոյթներով կ’ապրին ու կը գոյատեւեն մեր միութիւնները։

Կոկանեան Սրահի, տարիներէ ի վեր աւանդոյթ դարձած Ամանորեայ ամէնամեայ պազարը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 8-ին, Կոկանեան Սրահէն ներս։

Միջոցառման ներկայ էին Եգիպտոսի Հայոց Թեմի առաջնորդ, գերշ. Տ. Աշոտ Ս. Եպս. Մնացականեան, արժանապատիւ Տէր Յակոբ Քհնյ. Յակոբեան, Եգիպտոսի մէջ Հ.Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպանին Տիկինը՝ Զարա Փօլատեանը,  հիւպատոս` Տիկ. Սեւան Գէորգեանն ու մե՜ծ բազմութիւն մը՝ 300-էն աւելի համակիրներ։

Բացման արարողութիւնը կատարեց այս տարուան պազարին նախագահութիւնը ստանձնած ազնուափայլ օր.  Մարլօ Սիմոնեան։

Ամանորեայ վաղեմի հեքիաթը ամեն տարի իւրովի կը վերանորոգուի այս դիպուկ միջոցառումներով։

Ինչպէս միշտ, կաղանդին բնորոշ սպիտակով, ոսկեգոյնով, կարմիրով ու կանաչով եւ գեղեցիկ տօնածառով զարդարուած ԹԷՔԷԵԱՆ սրահին սեղանները շքեղօրէն հարուստ էին, իրենց նրբաճաշակ շարուածքով ու դիտողին աչքը շոյող մեր համադամ աւանդական ուտելիքներով։

Հոն էին մեր չէօրէքը, թօփիքը, տերեւով լիցքը, ապուխտը, հայկական շարոցը, արմաւի անուշը, գաթան եւ ուրիշ բազմապիսի քաղցր ու աղի ուտելիքներ…

Այս տարի եւս չէր մոռցուած, առաւելաբար փոքրիկները գրաւող ամանորեան խորհրդանիշերով նախշուած կարկանդակներուն ու ձեռային զարդերուն նաեւ սրբիչներուն, ծածկոցներուն ու մոմակալներուն գոյնզգոյն բաժինը… եղնիկ, զանգակ, տօնածառ, ձիւնէ մարդ, Կաղանդ Պապա, աստղ եւայլն՝ մանուկներուն եւ ներքուստ իրենց մանկութիւնը վառ պահպանած բոլոր մեծերուն ուրախութիւնը՝ յուսալի…

Քիչ պատահող հաճելի խճողում մըն է` ամէնամեայ սպասուած այս հանդիպումը. առօրեայ վազքի հեւքէն եւ ընելիքներու կրկնուող ցանկէն փախուստ տալու համար, շատո՜նց տունէն չելլողներուն ու զիրար չհանդիպողներուն համար շատ հոգեհարազատ վայր ու առիթ է այս օրը։

Աւանդաբար, այս տարի ալ բազմաթիւ համակիրներուն կէսօրուան սպասարկուած ճաշը ՄԱՆԹԸն էր։

Բարի աւանդոյթներուն մասին խօսեցանք վերը, բայց ինչպէ՞ս կրնանք չանդրադառնալ անոնցմէ ամենաբարիին։ Ինչպէս միշտ, այս տարի եւս Կոկանեան Սրահի Վարչութեան ժրաջան տիկինները, տիկնանց յանձնախումբը եւ անոնց հետ նաեւ խումբ մը նուիրեալ մայրեր, քոյրեր ու աղջիկներ պազարէն օրեր առաջ գործի լծուելով, սիրով պատրաստած էին այս հոծ բազմութեան սպասարկուելիք ՄԱՆԹԸն։

Տարիէ տարի անոնց կողքին երիտասարդ տիկին մը եւս աւելնալուն մէջն է, անկասկած, այդ երեւոյթին գեղեցկագոյն կողմը. տարեցին կողքը երիտասարդ մը… Ցաւօք, վարակիչ չէ՛ այս նուիրումը։ Խորհուրդ մըն է ասիկա, ներքուստ գտնուող կամ չգտնուող։

Ձեռքերը անցաւ ու դալար մնան Կոկանեան Սրահի վարչութեան, տիկնանց յանձնախումբի ու բոլոր նուիրեալ կանանց, որոնք իրենց սէրը, ժամանակն ու ջանքը չխնայեցին գեղեցիկ այս աւանդոյթը անգամ մը եւս կենդանացնելու հանար…

Մնացէ՜ք այսպէս, բարի աւանդոյթի մը պահապանն ու անոր գոյատեւման պատճառը։

Նորանոր աւանդոյթներու մաղթանքով՝

 

                 Սեւան Սեմէրճեան