Կոմիտասի թանգարանին մէջ՝ «Ուսուցիչը» ցուցադրութեան բացում

Կոմիտասի 150-ամեակին առիթով, Հոկտեմբեր 29-ին, Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Ուսուցիչը» ժամանակաւոր ցուցադրութեան: Այս մասին կը հաղորդէ “Արմենփրես”։

Ցուցահանդէսը նուիրուած է Կոմիտաս ուսուցիչին եւ անոր  սաներուն. կան բաժանումներ՝ «Գէորգեան ճեմարան-առաջին քայլեր», «Անուանի աշակերտներ՝ Վահան Տէր Առաքելեան, Սպիրիդոն Մելիքեան», «Կոմիտասի հինգ սաները», «Կոմիտասեան դպրոց՝ Մարգարիտ Բաբայեան», «Կոմիտասը եւ մանուկները»:

Բաժիններուն մէջ ներկայացուած են Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ազգային արխիւի ֆոնտերու շուրջ 200 փաստաթուղթեր, լուսանկարներ, անձնական իրեր, որոնց գերակշիռ մասը առաջին անգամն ըլլալով կը ցուցադրուի:

«Ցուցադրութեան մէջ արտայայտուած են Կոմիտասի կրթադաստիարակչական մօտեցումները: Կը կարծեմ՝ այս ցուցահանդէսը պիտի ծառայէ իր նպատակին, եւ մենք պիտի կարենանք հետագային աւելի լայնածաւալ ներկայացնել Կոմիտասի՝ կրթութեան, ուսուցման վերաբերող ուղերձները»,- նշեց Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Նիկոլա Կոստանդեան:

Ցուցադրութիւնը համադրող Մարինէ Հարոյեան ընդգծեց, որ ցուցադրութիւնը կառուցուած է Կոմիտասի՝ ուսուցիչներուն եւ մանուկներուն ուղղուած ուղերձներուն վրայ:

Անդրադառնալով կարեւորագոյն ցուցանմոյշներուն՝ ան առանձնացուց Սողոմոն Սողոմոնեանի սարկաւագութեան վկայականը, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին յայտարարութեան փաստաթուղթը, որով ան Քարա-Մուրզան կը հանէ ճեմարանին մէջ երաժշտութեան ուսուցիչի պաշտօնէն եւ անոր փոխարէն կը նշանակէ Կոմիտասը:

«Կոմիտասի արխիւէն պահպանուած է նաեւ անոր ստերեոսկոպը: Այս գործիքը ժամանակին շատ տարածուած էր: Լուսանկարիչները այս գործիքին համար քարտեր կը պատրաստէին: Գործիքի օգնութեամբ հնարաւոր կը դառնար ծաւալային տեսնել լուսանկարը»,- յայտնեց ան:

Միացեալ ցուցադրութիւնը, որուն նախաձեռնած են Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկը եւ Ե. Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը, պիտի տեւէ մինչեւ 1 Մարտ 2020։