Ryan-air իրլանտական ճամբորդական ընկերութեան Հայաստանի ճամբորդական շուկայ մուտք գործելուն առիթով իրլանտական Irish Examiner պարբերականը ներկայացուցած է Հայաստանի զբօսաշրջային գրաւչութիւնը: Պարբերականը Հայաստանը բնութագրած է իբրեւ «Կովկասի զարդ», կը հաղորդէ “Արմենփրես”-ը:
Պարբերականը նշած է, որ Հայաստան առաջին երկիրն է, որ ընդունած է քրիստոնէութիւնը՝ դիտել տալով, որ Հայաստանի մէջ կան բազմաթիւ հիասքանչ վանքեր եւ եկեղեցիներ: Թերթը առանձնացուցած է Գեղարդն ու Նորավանքը:
Պարբերականը անդրադարձած է Սեւանայ լիճին եւ այլ ազգային վայրերու:
Հայաստան այցելելու պարագային պարբերականը առաջարկած է նաեւ այցելել Տաթեւի վանական համալիր եւ օգտուիլ աշխարհի ամէնէն երկար ճոպանուղիէն:
Խօսելով Երեւանի մասին՝ Irish Examiner-ը նշած է, որ քաղաքի ճարտարապետութիւնը տպաւորիչ է: «Աշխոյժ, պատմական մայրաքաղաք, որ հպարտօրէն կը կրէ եւրասիական ժառանգութիւնը: Հայաստանի մայրաքաղաքը հարուստ է այնպիսի ճարտարապետութեամբ, որ արժանի է տեղ գտնելու զբօսաշրջային ուղեցոյցներուն մէջ»,- նշուած է գրութեան մէջ:
Irish Examiner-ը շեշտած է, որ Երեւանը հարուստ է բազմաթիւ ճաշարաններով ու սրճարաններով, ուր կարելի է հրաշալի ժամանակ անցընել: