Համբոյրներ՝ Cuba էն (Varadero)

Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակ. Միութիւնը, ինչպէս սովորութիւն դարձած է ամէն տարի, կազմակերպած էր զբօսապտոյտ, բայց այս անգամ դէպի Varadero 19-26 Նոյեմբեր 2018:

Մոնթրէալ՝ ձիւնամրրիկ, 20 cm. ձիւն, -10 կամ -15  պաղ, փողոցները գոց, ընդհանուր խօսակցութիւն՝ «ինչո՞ւ հոս եկանք»:

Cuba  (Varadero), ծովեզերք, խաղա՜ղ ծովափ, կապոյտ երկինք, հաճելի տաք օդ, նորակառոյց պանդոկ (2 տարուայ):

Անհասկանալի է, թէ ինչո՞ւ չենք մասնակցիր նմանօրինակ զբօսապտոյտներու, աւելի խաղաղ ձմեռ մը անցնելու համար:

Մեր առաջնորդը սրահիս ժրաջան վարչական Արթօ Մանուկեան միշտ մեզի հետ էր, ամէն դժուարութիւններ լուծելու, կամ ներքին պտոյտներ կազմակերպելու (Havana եւլն):

Սակայն արժանի է յիշել, թէ մասնակցողներու, իրարու հանդէպ ունեցած տրամադրութիւնն ու հաճոյակատար զգացումները զբօսապտոյտին յաջողութեան պատճառ կը դառնային:

Կարծես մեծ ընտանիք մըն էր, որ եկած էր զուարճանալու եւ ուրախանալու համար, առանց մանրուքներուն կարեւորութիւն տալու:

Շատ մը ծանօթ դէմքեր կային, որոնք ներկայ էին անցեալ տարիներէն:

Վարձքը կատար կազմակերպողներուն:

Յոյսով ենք, որ յառաջիկայ տարի ալ կրկնուի նմանօրինակ զբօսապտոյտ մը:

Դէպի Հայաստա՞ն:

Առաջարկ մըն է: Կ’արժէ մտածել: