Համիլթընի Ս. Մարիամ Աստուածածին Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ 46-րդ Տարեդարձի Սուրբ Պատարագ եւ Պաշտօնական ճաշկերոյթ

Մատաթ. Բ. Մամուրեան

Կիրակի 30 Հոկտեմբեր 2022-ի առաւօտեան Համիլթընի Համիլթընի Ս. Մարիամ Աստուածածին Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ 46-րդ տարեդարձի Սուրբ եւ անմահ պատարագը մատոյց եւ քարոզեց գանատահայոց բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Ս. Եպս. Յովակիմեան, իրեն առընթերակայ ունենալով Համիլթընի եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տ. Հրանդ Քհնյ. Մանուկեան եւ Միսիսոկայի համայնքի հովիւ Արժ. Տ. Միւռոն Քհնյ. Սարգիսեան: Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Սարկաւագներ ու բարեկրօն դպիրներ, երգեցողութիւնը ներդաշնակ կերպով կատարուեցաւ եկեղեցւոյ դպրաց դասի կողմէ: Ս. պատարագին ներկայ էր նաեւ Արժ. Տ. Բարսեղ Աւագ Քհնյ. Վանլեան:

Յընթացս Ս. Պատարագի «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ, Արժ. Տ. Հրանդ Քհնյ. Մանուկեան խորան բարձրացաւ իր հետ ունենալով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէ առաքուած կոնդակը ուղղուած օրդ. Գոհար Բալվեցեանին, ի պատիւ Ս. Մարիամ Աստուածածին Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ (Համիլթըն) ցուցաբերած երկարամեայ իր անխոնջ ծառայութեան առթիւ, յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, «Ս. Ներսէս Շնորհալի» պատուոյ շքանշանի տուչութիւնը տեղի ունեցաւ ձեռամբ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Սրբազանի:

Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եկեղեցւոյ նախկին Ծխական Խորհուրդներու անդամներու կնքահայրերու, բարերարներու հոգիներու ի հանգիստ:

Ս. Պատարագէն վերջ, եկեղեցւոյ «Ալեքսանեան» Սրահին մէջ պաշտօնական ճաշկերոյթ-հանդիսութեամբ մը նշուեցաւ եկեղեցւոյ 46-րդ տարեդարձը, հովանաւորութեամբ Գերշ. Տ. Աբգար Ս. Եպս. Յովակիմեանի, Առաջնորդ Գանատահայոց թեմի, ներկաները յոտնկայս ունկնդրեցին Գանատայի եւ Հայաստանի քայլերգները, որմէ ետք Առաջնորդ Սրբազան հայրը օրհնեց սեղանները:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ օրուայ հանդիսավար պրն. Վահագն Ասատրեան, եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ:

Պատւոյ սեղանը Առաջնորդ Սրբազան հօր կողքին տեղ գրաւած էին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Հրանդ Քհնյ. Մանուկեան, Արժ. Տ. Բարսեղ Աւագ Քհնյ. Վանլեան, Միսիսոկայի Ս. Վարդան Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տ. Միւռոն Քհնյ. Սարգիսեան, Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի վիրաւորուած զինուոր Արթուր Յովհաննիսեան, օրուայ մեծարեալ օրդ. Գոհար Բալվեցեան, հայ եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան կեդրոնական խորհուրդի Ատենապետուհի (Թորոնթօ) Տիկ. Տիանա Պօղոսեան եւ «Պապայեան» հիմնարկի ներկայացուցիչ պրն. Շահան Տէյրմէնճեան (Թորոնթօ), ի պատուի էին նաեւ այս առթիւ Թորոնթոյէն ժամանած թեմական խորհուրդի Փոխ-Ատենապետ պրն. Պետրոս Չինչինեան, եւ պրն. Մատաթ Բ. Մամուրեան իրենց սրտի ջերմ խօսքերով եւ բարեմաղթութիւններով ելոյթ ունեցան, Տ. Հրանդ Քհնյ. Մանուկեան, Բարեշ. Արա Սրկ. Սիրունեան եւ օրդ. Գոհար Բալվեցեան:

Գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին, Գոհար Ղազարեան եւ Սիլվա Քէլճեան, (ասմունք, Արթուր Աւետիքեան եւ Սարգիս Մէնէնկիչեան (երգեցողութիւն): Բարի մաղթանքներու մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատումը եւ մոմավառութիւն:

Փակման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Առաջնորդ՝ Սրբազան հայրը, ու բարձր գնահատեց, Տէր Հրանդ Քհնյ. Մանուկեանի հոգատարութիւնը իր ծուխի նկատմամբ, Ծխական Խորհուրդի անդամները ինչպէս նաեւ Տիկնանց Միութեան անդամ-ուհիները, եւ իրենց ծառայութեան առ ի գնահատանք պարգեւատրեց, Առաջնորդարանի Ա. Կարգի «Ս. Խաչ» շքանշանով ու պատւոյ գիրով:

Սրբազան Հօր պահպանիչով վերջ գտաւ ճաշկերոյթ-հանդիսութիւնը: